Եգիպտոսի Քրիստոնեաներն Ու Իսլամները Կը Սգան Շնոտա Գ. Պապին Վախճանումը
Եգիպտոսի ղպտիները կը սգան իրենց հոգեւոր պետին` Շնոտա Գ. պապի վախճանումը: 88-ամեայ պապը 40 տարիէ ի վեր կը ղեկավարէ Եգիպտոսի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը:
Սգաւորներ անոր վախճանման լուրը լսելէ ետք Եգիպտոսի ղպտիական գլխաւոր տաճարը փութացին: Անոր մարմինը Գահիրէի Ապպասիա շրջանի Մայր տաճարին մէջ կը գտնուի, ուր ժողովուրդը իր յարգանքի վերջին տուրքը կը մատուցէ ղպտիներու հոգեւոր պետին:
Անոր մահը կը զուգադիպի այնպիսի պահու մը, երբ Եգիպտոսի 10 միլիոն քրիստոնեաները իսլամականներու հետ լարուածութենէն եւ այս վերջիններուս վերջին ընտրութիւններուն արձանագրած մեծ յաղթանակներէն ետք իրենք զիրենք վտանգուած կը զգան: Հակառակ այս իրողութեան, Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւը` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը իր կայքէջին վրայ զետեղեց ցաւակցական հաղորդագրութիւն մը:
Շնոտա Գ. պապին յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը:

