Հալէպի Մէջ Ականուած Ինքնաշարժի Մը Պայթումը Պատճառեց Երկու Զոհ, Ներառեալ` Հայ Մը

Սուլէյմանիէի ականահարման դէպքին վայրը

Դամասկոսի մէջ 27 զոհ եւ 140 վիրաւորներ պատճառած ականուած երկու ինքնաշարժներու պայթումէն մէկ օր ետք, Հալէպի հայաշատ Սուլէյմանիէի թաղամասին մէջ, լատիններու եկեղեցւոյ, նախակրթարանի եւ այլ դպրոցի մը մօտ զետեղուած ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը պատճառեց երկու զոհ եւ երեսուն վիրաւոր: Զոհուած են Արաքսի Պետրոսեան եւ ապահովական ուժերու անդամ մը: Վիրաւորներուն շարքին եւս հայեր կան:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պայթումը տեղի ունեցած է, մինչ պատկան մարմինները կը փորձէին ականուած ինքնաշարժը դուրս բերել խիտ բնակչութիւն ունեցող շրջանէն: Պայթումը նաեւ մերձակայ շէնքերուն պատճառած է նիւթական մեծ վնասներ:

Դամասկոսի ականահարումները տեղի ունեցած էին Օմայատներու հրապարակին վրայ եւ Օդային ապահովութեան շէնքին մօտ: Երկու պայթումներուն զոհերը երէկ արժանացան պետական յուղարկաւորութեան: Զոհերուն մեծամասնութիւնը իսլամ եւ քրիստոնեայ քաղաքայիններ էին:

Նշենք, որ Դամասկոս եւ Հալէպ քաղաքները սուրիական վարչակարգին զօրակցող ամրոցներ կը նկատուին:

Մինչ այդ, Միջազգային կարմիր խաչի նախագահ Ժէյքըպ Քիլինպըրկըր երէկ Ռուսիա մեկնեցաւ` Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութեան շուրջ քննարկումներ կատարելու համար:

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան յայտարարեց, որ միջազգային դէտերու յանձնախումբի կազմութեան հարցը քննարկելու համար պատուիրակութիւն մը Դամասկոս պիտի ուղարկէ: ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի շաբաթ օր վստահեցուց, որ Սուրիա Անանի հետ գործակցութեան յանձնառու է եւ անոր առաքելութեան յաջողութեան նախանձախնդիր:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Թուրքիա որոշած է 22 մարտին Սուրիոյ մէջ իր դեսպանատունը փակել, սակայն Թուրքիոյ դեսպանը Դամասկոս պիտի վերադառնայ` թուրք քաղաքացիներու Սուրիայէն հեռացման աշխատանքներուն վերահսկելու համար:

Մինչ Էրտողանի գրասենեակէն պաշտօնատար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «սուրիական տագնապին հարցով բոլոր կարելիութիւններուն պատրաստ ենք», Սուրիական ազատ բանակի փոխհրամանատար գնդ. Մալեք Քըրտի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ թրքական բանակի տեղակայուիլը «միջազգային համակարգի ծիրին մէջ ապահովական գօտիի մը հաստատման պատրաստութիւն է, որովհետեւ (սուրիացի) քաղաքայիններու բռնի տեղահանութիւնը Թուրքիոյ համար բեռի վերածուած է»: Նշենք, որ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ սուրիացի գաղթականներու թիւը բարձրացած է 16 հազարի:

Միւս կողմէ, դէպի Սուրիա բեռ տեղափոխող բեռնատարի մը 33-ամեայ թուրք վարորդը Թուրքիա վերադարձի ճամբուն վրայ յարձակումի ենթարկուած եւ սպաննուած է: Ան Սուրիա մեկնած է 5 օր առաջ եւ սպաննուած է թրքական սահմանէն 30 քիլոմեթր հեռու` Իտլիպ քաղաքի մօտակայքը:

Նշենք, որ ասիկա երեք օրուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ թուրքերու սպանութեան երկրորդ դէպքն է: Նախապէս տեղի ունեցած նոյնպիսի դէպքէ մը ետք, միջադէպէն փրկուած թուրք վարորդները պատմած էին, որ իրենց վրայ կրակ բացողները ոչ թէ սուրիական բանակի զինուորներն էին, այլ հակակառավարական ուժերը:

 

Share this Article
CATEGORIES