Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան գուժեց ղպտի համայնքի հոգեւոր պետ Շնոտա Գ. պապի վախճանումը: Շէյխ Հասան շեշտեց, որ Շնոտա Գ. պապը միշտ ալ հաւատացած էր պաղեստինեան դատի յաղթանակին եւ արաբեւիսրայէլեան տագնապը ի շահ արաբական կողմին լուծելու անհրաժեշտութեան: «Շնոտա Գ. պապի առաքելութիւնը պատուաբեր է պարզապէս այն իրականութեան համար, որ ան մերժած է հաշտուիլ թշնամի Իսրայէլի հետ», ընդգծեց շէյխ Հասան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Օքապ Սաքըր շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը Սուրիոյ ընդդիմութեան հետ չի գործակցիր, այլ` քաղաքական եւ մարդկային առումով նեցուկ կը կանգնի սուրիացի յեղափոխականներուն:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Լիբանանի դէմ գործուող թշնամական գործողութիւնները կասեցնելու, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը ամբողջական գործադրութեան ենթարկելու առումով:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ
դիտել տուաւ, որ էսթոնիացի զբօսաշրջիկները առեւանգող նոյն յանցագործն է, որ ծայրայեղական իսլամները կը փոխադրէ Սուրիոյ սիրտը` թիրախ դարձնելով լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ դիմադրութիւնը պիտի յաղթէ դաւադրութեան եւ արաբ ազգին ճակատը պիտի մնայ բարձր ու հպարտ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի իրաւաբանները պիտի ուղղուին դէպի բաց գործադուլ, եթէ կառավարութիւնը Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ չնշանակէ:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ 2006-2010 երկարող ժամանակաշրջանին ընթացքին իշխանութիւնը ստանձնած կառավարութիւններուն մսխած գումարները պիտի յստականան շուտով եւ անոնց թղթածրարը պիտի քննարկուի յառաջիկայ չորեքշաբթի օր` վարչապետարանին մէջ գումարուելիք կառավարութեան նիստին ընթացքին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ պետական առումով մսխուած գումարներու թղթածրարին հետ պէտք է վարուիլ կատարեալ բծախնդրութեամբ եւ համաձայն երկրին սահմանադրութեան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ արաբական աշխարհին վկայած այսօրուան պայքարը Դիմադրութեան եւ իսրայէլեան ու ամերիկեան շահերը հարուածելու յստակ դիպաշար մըն է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիտալ Թոհմէ ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը յանձնառու կը մնայ մարդկային իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանքը պահպանելու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ կոչ ուղղեց կազմելու մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որ ոչ թէ միագոյն ըլլայ, այլ` չէզոք անհատներէ կազմուած:
ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ եւ հետազօտութիւններու Պէյրութի կեդրոնի նախագահ Ապտօ Սաատ շեշտեց, որ Հըզպալլայի նկատմամբ իր որդեգրած բաց քաղաքականութեան համար, քրիստոնեայ համայնքին մեծամասնութիւնը (73 առ հարիւր) կը զօրակցի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ, երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը զմռսուած դիակ մըն է եւ զբաղած` Սուրիոյ վարչակարգը պաշտպանելու առաքելութեամբ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ հոգեւոր խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք զարմանք յայտնեց կարգ մը արաբական երկիրներուն կողմէ կատարուած այն կոչերուն համար, թէ Սուրիոյ մէջ զինեալ խմբաւորումները պէտք է զինել:
ՊԱԱԼՊԵՔ-ՀԵՐՄԵԼԻ երեսփոխան Ղազի Զաայթեր կտրականապէս մերժեց լիբանանեան բանակին դէմ արձակուած ամբաստանութիւնները` զանոնք նկատելով վտանգաւոր: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն է, որ կը պահպանէ երկիրն ու ժողովուրդը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ ընդգծեց, որ տարիներ առաջ իրենք արդէն հրաժարած են Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմելէ, որովհետեւ զգացած են համագործակցութեան ծրագիրի մը բացակայութիւնը:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը պէտք չէ միայն Հըզպալլայի ապազինման մասին ըլլայ, այլ պէտք է նկատի ունենայ Լիբանանը յուզող հիմնական հարցերը, որովհետեւ երկխօսութիւնը Լիբանանի գոյութեան երաշխիքն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը զգուշացուց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ հանդիպելէ: