Հասսան Տիապ Կը Գուժէ Պահնինի Դպրոցին Զոհերուն Մահը
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ շարունակեց հետեւիլ Մընիէ-Տըննիէ նահանգի Պահնին գիւղաքաղաքի դպրոցի մէկ պատին փուլ գալու արկածին մասին բացուած հետաքննութեան, որուն ծիրին մէջ ան խոր կսկիծով գուժեց այդ դէպքին հետեւանքով զոհուած աշակերտներուն մահը:
Տիապ դէպքին վայրը գործուղեց հիւսիսային Լիբանանի կրթութեան բաժանմունքի նախագահ Հուսամէտտին Շահատէն, որ աւելի ուշ իր տեղեկագիրը փոխանցեց նախարարութեան:
Տիապ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերէն պահանջեց նաեւ հետաքննութիւն բանալ մարդկային վնասներ պատճառած այդ դէպքին դրդապատճառներուն շուրջ:
Տիապ ցաւակցութիւն յայտնեց դպրոցին տնօրէնութեան եւ աշակերտներուն ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւոր աշակերտին:
Կրթութեան նախարարը բոլոր դպրոցներէն պահանջեց իրենց կառոյցները քննել եւ համապատասխան փորձագէտներուն խորհուրդը հարցնել` ստուգելու համար անոնց ապահովութիւնը եւ առաջքը առնելու նման բնական աղէտներուն ու փորձանքներուն:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ դէպքին զոհ գացած երեք աշակերտներուն ծնողներուն հետ եւ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց անոնց: