Ժոմպլաթ. «Սուրիոյ Վարչակարգը Վերջ Գտած Է»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ երբ ինք իր հօր դամբարանին վրայ զետեղած է Սուրիոյ յեղափոխութեան դրօշը, խիղճը հանգստացուցած է, որովհետեւ սուրիական վարչակարգը եւ ասատեան փոքրամասնութիւնն են, որոնք սպաննած են իր հայրը: «Հետեւաբար զգացի, որ դուրս կու գամ այն մեծ բանտէն, ուր արգելափակուած էի Սուրիոյ իշխանութիւնը ստանձնած այդ ընտանիքին կողմէ», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ առաջին օրէն իսկ Սուրիոյ մէջ կատարուած ցոյցերուն ընթացքին կը բարձրանային միացեալ ժողովուրդ մը ըլլալու մասին կարգախօսներ` աւելցնելով, որ հարցը փոքրամասնութիւններու հարց չէ: «Փոքրամասնութիւններուն մտայնութիւնը արդէն իսկ ձախողած է, որովհետեւ սուրիացի ժողովուրդը միակամ կը պայքարի բռնատիրութեան դէմ` սկսելով Ժապալ Արապէն մինչեւ Ռաքքա եւ Տէր Զօր, Համա եւ Հոմս եւ հասնելով մինչեւ Դամասկոս», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի սուրիացի անկախ քաղաքացիին, ուր որ ալ ըլլայ ան: Ան ընդգծեց, որ այդ մէկը նորութիւն կամ տարօրինակութիւն մը չէ` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային օրը պիտի գայ եւ բոլոր սուրիացիները յեղափոխութեան պիտի միանան:
«Սուրիական վարչակարգը վերջ գտած է», ըսաւ Ժոմպլաթ` ընդգծելով, որ Ռուսիա պէտք է դուրս գայ իր մեկուսացումէն ու անշեղ սկզբունքներէն եւ զօրակցի սուրիացի ժողովուրդին կամքին:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնք այցելած էին Մուխթարա` Քամալ Ժոմպլաթի շիրիմին ծաղկեպսակներ զետեղելու համար:
Ժողովրդային պատուիրակութիւններուն ներկայութեան Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Քամալ Ժոմպլաթը պատուելու լաւագոյն ձեւը պարկեշտութիւնն է, ուսումը եւ հողին կառչած մնալու յանձնառութիւնը: