ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՆՍՈՒՐ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՌՈՒՍԻԱ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը կը մեկնի Ռուսիա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ ռուս պետական ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ եւ պիտի քննարկէ լիբանանեան ու շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Մանսուր շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը դրական է ու գործնական, ինչպէս նաեւ կարելի է զայն կոչել հաւասարակշռուած կեցուածք:
Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` Մանսուր շեշտեց, որ այդ տագնապին կարելի չէ զինուորական լուծում մը տալ:
CATEGORIES Լիբանանեան

