Մաթար. «Լիբանանի Մէջ Մեր Ապագան Ուղղակի Կախեալ Է Մէկ Ճակատագիր Ունենալու Մասին Մեր Համոզումէն»
Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը երէկ նախագահեց Հարեթ Հըրէյքի Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին:
Իր քարոզին մէջ Մաթար եպիսկոպոսը շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանը դարձնել միացեալ երկիր մը` իր բոլոր համայնքներով:
Մաթար եպիսկոպոսը հաստատեց, որ Լիբանանի ապագան կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել, երբ անոր զաւակները զգան, թէ իրենք մէկ ու միացեալ ճակատագիր ունին:
Մաթար եպիսկոպոսը ընդգծեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել Լիբանանի մէջ ազգային գոյակցութիւնն ու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

