«2013-Ի Ընտրութիւններուն Պետականութեան Եւ Փտածութեան Տրամաբանութեանց Միջեւ Ընտրութիւն Կատարելը Դիւրին Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն անցեալ շաբաթավերջին ներկայ գտնուեցաւ 14 մարտ 1989-ին Ազատագրութեան պատերազմի յիշատակին առիթով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած յիշատակի երեկոյին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Մարտ 14-ը սկսած է մերժելու համար արտաքին որոշումները, որոնք կ՛արգելակեն պետութեան աշխատանքը:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ անհրաժեշտ էր յեղափոխութիւն յայտարարել այդ կացութիւնը փոխելու միտումով` աւելցնելով, որ այդ հանգրուանին իրենք փորձած են համագործակցութիւն ստեղծել ժողովուրդին եւ բանակին միջեւ:

Զօր. Աուն զարմանք յայտնեց, որ Լիբանանի հիմերը այլեւս փտած են, հետեւաբար անոր արտադրութիւնն ալ փտած է` աւելցնելով, որ կարելի չէ փտածութիւնը օրէնք նկատել, իսկ սահմանադրութիւնը` պարզապէս փաստաթուղթ:

«Եթէ մենք փտածութեան դէմ չպայքարինք, ապա «Ազատութիւն, անկախութիւն եւ գերիշխանութիւն» կարգախօսը կարելի պիտի չըլլայ պահպանել», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան աւելցուց, որ 2013-ի ընտրութիւններուն ընթացքին քաղաքացին դիւրաւ պիտի կողմնորոշուի, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իր ընտրանքը` պետականութեան եւ փտածութեան տրամաբանութիւններուն միջեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES