Ռայի Պատրիարքը Մեկնեցաւ Գահիրէ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անցեալ շաբաթավերջին հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Եգիպտոս:
Ռայի պատրիարքը մարոնի համայնքի Գահիրէի առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսան:
Կէսօրին Ռայի պատրիարքը Զահեր շրջանի Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ Լիբանանը ամբողջական զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ Եգիպտոսի եւ եգիպտացի ժողովուրդին` մաղթելով, որ Եգիպտոսի մէջ կարելի ըլլայ կատարեալ խաղաղութիւն հաստատել:
Ռայի պատրիարքը վերահաստատեց, որ Եգիպտոս կատարած իր այցելութիւնը կը միտի Եգիպտոսի զօրակցիլ, որպէսզի ան վերստանայ քաղաքակրթութեան օրրանի իր պատգամը եւ շարունակէ իր պատմական դերակատարութիւնը:
Երեկոյեան Ռայի պատրիարքը այցելեց Մասըր Ժատիտա շրջանը եւ տեղւոյն Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց պատարագ մը, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցաւ Ասիութի մարոնի առաջնորդին հետ:
Պէտք է աւելցնել, որ նախքան իր մեկնումը, Ռայի պատրիարքը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ եթէ լիբանանցիները միասնական չդառնան, ապա անոնք ամբողջ աշխարհին մէջ դերակատարութիւն պիտի չունենան:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքին Եգիպտոս կատարած այցելութեան ծրագիրին մէջ նախատեսուած էր նաեւ ղպտիներու հոգեւոր պետ Շնոտա Գ. պապին հետ հանդիպում մը, սակայն այդ հանդիպումը կարելի չեղաւ իրականացնել` Շնոտա Գ. պապի վախճանման պատճառով:
Ռայի պատրիարքը իր խոր ցաւը յայտնեց Շնոտա Գ. պապին վախճանումին առիթով եւ ցաւակցութիւն յայտնեց ղպտի եկեղեցւոյ եւ եգիպտացիներուն:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ազհարի շէյխ Ահմետ Թայիպ մերժած է ընդունիլ Ռայի պատրիարքը: