Նախագահ Սլէյման Գուժեց Շնոտա Գ. Պապին Վախճանումը

Նախագահ Սլէյմանը` Քարլոս Ղոսընի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խոր ցաւով գուժեց ղպտի համայնքի հոգեւոր պետ Շնոտա Գ. պապին վախճանումը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Շնոտա Գ. պապին վախճանումը կորուստ է թէ՛ Եգիպտոսին եւ թէ՛ արաբական աշխարհին: Ան դրուատեց Շնոտա Գ.ի հոգեւոր վաստակը, յատկապէս այլ կրօններուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած լայնամիտ եւ բաց քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբականութիւնն ու ազգայնութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` ընդդէմ իսրայէլեան նկրտումներուն:

Նախագահ Սլէյման իր ցաւակցութիւնները փոխանցեց բոլոր եգիպտացիներուն եւ յատկապէս ղպտի համայնքին` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է Շնոտա Գ. պատրիարքին երթը շարունակել` պահպանելու համար բոլոր կրօններուն եւ քաղաքակրթութիւններուն օրրանը նկատուող Արեւելքը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շաբաթավերջին դրուատեց արտերկրի լիբանանցիներուն ջանքերը` տարբեր մարզերուն մէջ բարձր պաշտօններու հասնելու առիթով:

Այս գնահատանքները նախագահ Սլէյման կատարեց, երբ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ֆրանսական «Ռենօ» եւ ճափոնական «Նիսան» ինքնաշարժի ընկերութիւններու նախագահ Քարլոս Ղոսընը եւ Սէն Ժոզեֆ համալսարանի նախագահ Ռընէ Շամուսին, որ իր կարգին նախագահ Սլէյմանը տեղեակ պահեց Ղոսընի մատուցած ծառայութիւններուն եւ յատկապէս կրթական եւ ուսումնական մարզին մէջ անոր կատարած օժանդակութիւններուն մասին:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նախկին նախարար Իպրահիմ Շամսէտտին, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

ՆՇԵՆՔ, որ նախագահ Սլէյման խոր կսկիծով գուժեց մահը լիբանանցի երեք աշակերտներուն, որոնք զոհուած էին, երբ Մընիէի դպրոցներէն մէկուն պատը փուլ եկած էր:

Այս առումով նախագահ Սլէյման ընդգծեց այդ հարցին գծով հետաքննութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES