«Եւրոտեսիլէն Քաշուելու Փոխարէն, Ղարաբաղէն Թող Քաշուին» Կ՛Ըսէ Պաղըշ

Էկեմեն Պաղըշ

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան մօտ Թուրքիոյ աւագ բանագնաց, պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ հինգշաբթի օր իր նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցած է երգիչ Ճան Պոնոմոյի հետ, որ այս տարի Թուրքիան պիտի ներկայացնէ մայիսին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոտեսիլին: Սակայն այս հանդիպումը դարձեալ առիթ հանդիսացած է, որ Պաղըշ, որ վերջին շրջանին բաւական կարծր քննադատութիւններ կ՛ուղղէ Հայաստանի հասցէին, նոյնը ընէ: Արդարեւ, ան եւ Պոնոմօ հանդիպումէն ետք մամուլին յայտարարութիւններ կատարած են:

Պաղըշ գնահատանքի արտայայտութիւններ ունեցած է Ճան Պոնոմոյի հասցէին` ընդգծելով, որ 2003-էն ետք, երբ Սերտափ Էրեներ առաջին հանդիսացած էր այդ մրցումին, թուրք արուեստագէտներ աւելի մեծ ոգեւորութեամբ ու յոյսերով կը մասնակցէին Եւրոտեսիլին: «Հիմա ալ նոյն անհամբերութեամբ ու լաւատեսութեամբ կը սպասենք Ճան Պոնոմոյի ելոյթին», դիտել տուած է թուրք նախարարը, ապա անդրադառնալով Եւրոտեսիլէն Հայաստանի քաշուելու որոշումին ըսած է. «Մենք կ՛ակնկալենք, որ Հայաստան ո՛չ թէ Եւրոտեսիլէն, այլ Ղարաբաղէն քաշուի: Լաւ կ՛ըլլայ, որ այս գաղափարը անգամ մը աչքէ անցընեն», նշեց Պաղըշ:

«Ազրպէյճան արդար իրաւունքով առաջնութիւնը շահեցաւ եւ յառաջիկային պիտի հիւրընկալէ այս մրցումի մասնակիցները», շեշտած է Պաղըշ ու աւելցուցած. «Ազրպէյճան միջազգային բեմահարթակի վրայ յարգուած պետութիւն մըն է, կ՛անդամակցի ՄԱԿ-ին, յարգանք ցոյց կու տայ միջազգային օրէնքին, կը շարժի ժողովրդավարական գաղափարներով: Ո՛չ մէկ երկիր իրաւունք ունի քննադատելու Ազրպէյճանը: Եւրոտեսիլին մասնակից միւս երկիրներէն շատեր Ազրպէյճանի հետ թէ՛ դիւանագիտական եւ թէ՛ քաղաքական յարաբերութիւններ ունին»:

 

Share this Article
CATEGORIES