Քողարկուած Պատերազմ` Հարաւային Կովկասի Մէջ

Իսրայէլցի դիւանագէտներու դէմ Հարաւային Կովկասի մէջ անցեալ ամիս տեղի ունեցած մահափորձերը Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի մէջ յառաջացուցին վախեր, որ շրջանը կրնայ անգամ մը եւս նոր մարտադաշտ դառնալ` մեծ պետութիւններու քաղաքականութիւններու պայքարին մէջ:

Երկուշաբթի, 13 փետրուարին, յայտնաբերուեցաւ «մագնիսական ռումբ» մը, որ կցուած էր Վրաստանի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան վարորդի մը ինքնաշարժին: Նոյն օրը ական մը պայթեցաւ Տելհիի մէջ, Հնդկաստան, Իսրայէլի դեսպանատան ինքնաշարժի մը տակ, վիրաւորելով քանի մը անձեր, որոնց շարքին` իսրայէլցի պաշտպանութեան պաշտօնատարի մը կինը:

Շուրջ երեք շաբաթ առաջ Ազրպէյճան յայտարարեց, որ ձերբակալուած է ենթադրեալ երեք ոճրագործներ, որոնք իբր թէ վարձուած եւ վճարուած են սպաննելու համար Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպանը, եւ` յարձակելու հրէական դպրոցի մը վրայ:

Նաեւ անցեալ շաբաթ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Ազրպէյճանի դեսպանին յանձնեց բողոքի նամակ մը` յայտարարելով, որ Ազրպէյճան օգնած է իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` սպաննելու համար հիւլէական մարզի իրանցի գիտնական մը, որ նոյնպէս սպաննուեցաւ իր ինքնաշարժին փակցուած «մագնիսական ռումբի» մը պայթումին պատճառով: Իրան նաեւ կը պնդէ, որ Ազրպէյճան գիտակցաբար արտօնած է մարդասպաններուն` հեռանալու իր տարածքէն:

Երկու կողմերը` Իրան եւ Ազրպէյճան, ամբողջ շաբթուան ընթացքին մեղադրանքներ կը փոխանակէին, սակայն Վրաստան յատկապէս լուռ էր: Թէեւ, արեւմտամէտ նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի ղեկավարութեամբ, Վրաստան սերտ կապեր ունի Միացեալ Նահանգներու հետ: Թիֆլիս նաեւ յարաբերութիւններ զարգացուցած է Իրանի հետ` ստորագրելով այցեգիրի դրութիւնը ջնջելու մասին համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ, վերջին երկու տարիներուն, Իրանի հետ ստորագրուած են երկկողմանի քանի մը կարգադրութիւններ:

Լինքոլն Միչել` Քոլոմպիոյ համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու եւ հասարակական գործերու բաժանմունքի տնօրէն, ըսաւ, որ Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած միջադէպը կը շեշտէ Սահակաշվիլիի այդ կեցուածքին, դիրքորոշման սին ըլլալը:

«Եթէ դուք իրանցիներու արտօնէք, առանց այցեգիրի գալ, տեղի կ՛ունենան նաեւ այդպիսի դէպքեր: Իրան յստակացուցած է իր տեսակէտները Իսրայէլի նկատմամբ, եւ յստակ է, որ իրանցիները կրնան գալ եւ վատ բաներ ընել Ամերիկայի եւ Վրաստանի ընկերներուն», կ՛ըսէ Միչել, որ Սահակաշվիլի վարչակարգին մասին գիրքի մը հեղինակն է: Ան կ՛աւելցնէ. «Վրաստանի ամերիկացի հովանաւորները, զօրակցողները տակաւին չեն փորձած ստիպել Թիֆլիսին` հեռու մնալ Իրանէն, սակայն ամէն ինչ կրնայ փոխուիլ: Վրաստանի համար, որ Միացեալ Նահանգներու յաճախորդն է, որուն խարիսխը, հիմքը Միացեալ Նահանգներուն մէջ ծայրագոյն աջին մէջն է, ասիկա պայքար մըն է, որ չեն կրնար մղել, շղթայազերծել, որովհետեւ չեն կրնար շահիլ», ըսաւ Միչել:

Լոնտոնեան համալսարանի իրանեան հետազօտութիւններու կեդրոնի դասախօս Արշին Ատիպ Մողատտամ կ՛ըսէ, որ թէեւ Հարաւային Կովկասի երկիրները Արեւմուտքէն ներդրումներ եւ անվտանգութեան երաշխիքներ կ՛ակնկալեն, Իրան իրենց համար «անխուսափելիօրէն ներդրուած է շրջանին մէջ, ինչպէս` քանի մը այլ երկիրներ», եւ իրենք չեն շտապեր Իրանի հետ կապերը խզել:

«Ճնշումները երկար ատենէ ի վեր գոյութիւն ունեցած են այնտեղ, բայց Իրան կը շարունակէ ջերմ յարաբերութիւններ մշակել այս երկիրներուն հետ, որովհետեւ ատիկա կը բխի փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող իրենց շահերէն: Միացեալ Նահանգներ շատ հեռու են, երբ դուք Ղազախստան, Տուշանպէ եւ Պաքու կը նստիք: Կը թուի, շրջանային ղեկավարները գիտակից են, որ իրենց նպաստաւոր չէ շատ միակողմանիօրէն դատել այս կամ այն կողմը: Անոնք հաւասարակշռութիւն կը փորձեն պահել:

Բայց մինչ Հարաւային Կովկասի միւս երկու երկիրները` Ազրպէյճան եւ Հայաստան, աշխատած են հաւասարակշռել յարաբերութիւնները շրջանային դերակատարներու միջեւ, Վրաստան տարբեր պատմութիւն է:

Սահակաշվիլի ներկայիս կ՛ուղղուի դէպի զարմանալիօրէն մրցունակ խորհրդարանական ընտրութիւն, հոկտեմբերին, իսկ անոր պիտի յաջորդէ նախագահական ընտրութիւնը` 2013-ին: Նախագահը երկմտանքի մէջ է` հեռանա՞յ քաղաքականութենէն, թէ՞ իշխանութեան վերադառնայ իբրեւ վարչապետ (պաշտօն մը, որ սահմանադրական վերջին փոփոխութիւններով զօրացած է):

Ամերիկացի պաշտօնատարներ շարունակ եւ բազմիցս ըսած են, թէ իրենք կը յուսան Վրաստանի մէջ տեսնել իշխանութեան փոխանցումը մը` խաղաղ, ազատ ընտրութիւններով (սխրանք մը, որ տակաւին այդ երկիրը պէտք է նուաճէ Խորհրդային Միութենէն 1991-ին անկախանալէն ի վեր): Ուրեմն, Միշել ըսաւ, որ Սահակաշվիլի կրնայ այս մարզին մէջ իր օգտակարութենէն առաւելութիւն ունենալ` ինքզինքին ապաստան տալով, պահպանելու համար երկրի քաղաքականութեան մէջ իր գերընտիր, գերազանց դիրքը:

«Եթէ Վրաստանի կառավարութիւնը խելացի է, ապա, Իրանի հետ այժմու լարուածութիւնները առիթ են կրկնապատկելու համար իրենց Միացեալ Նահանգներէն ստացած աջակցութիւնը, եւ եթէ իրենք որեւէ այլ կերպով խաղան, ապա մեծ սխալ մը կ՛ընեն: Սահակաշվիլի իրեն համար քաղաքական երկու դժուար տարիներ դիմակալելով` կրնայ ամրացնել, շաղախել իր կարեւորութիւնը, անփոխարինելիութիւնը, որ սխալ է: Ան անփոխարինելի չէ. բայց շատ դիւրին պիտի ըլլայ իրեն համար ըսել, որ «եթէ շրջանին մէջ պատերազմ կայ, ապա ես պէտք է մնամ եւ վարչապետ ըլլամ», ըսաւ Միչել:

Առայժմ Վրաստանի պաշտօնատարները ժամանակ ունին մտածելու եւ որոշելու, քանի որ երբ ականահարումներու շուրջը հետաքննութիւնը դեռ կը շարունակուի: Յարձակումներուն օրը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու անմիջապէս ամբաստանեց Իրանը: Վրաստանի պաշտօնատարները միջադէպին գծով ընդհանրապէս լուռ մնացին: Ոմանք նսեմացուցին յարձակումը` նշելով, որ ականը կցուած էր տեղացի վարորդի մը սեփական ինքնաշարժին, այլ ոչ թէ` դեսպանատան պատկանող ինքնաշարժի մը: Բայց նախագահին վարչակազմը յարձակումներուն օրը հրապարակեց չարագուշակ յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսէ, թէ արարքը  պետութեան համար «լուրջ մարտահրաւէր մըն է»:

Կովկասի բազմաթիւ դէտեր մտահոգ են, որ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ մահափորձերու  դաւերը կը նախագուշակեն շրջանի վերադարձը իբրեւ լրտեսութեան ոչ ոքի տարածք, Բ. Համաշխարհային պատերազմէն առաջ Զուիցերիոյ նման:

«Ամէն ոք Հարաւային Կովկասը կ՛օգտագործէ այս քողարկուած պատերազմին համար: Կասկած չկայ ատոր շուրջ», ըսաւ Ալեքսանտր Ռոնտելի` Ռազմավարական եւ միջազգային ուսումնասիրութիւններու վրաստանեան հիմնարկին տնօրէնը, այս շաբաթ Պի. Պի. Սի.ին տուած հարցազրոյցին մէջ:

Մինչ տակաւին ամուր, շօշափելի փաստեր չկան ինքնաշարժի ականահարումներուն համար Իրանը մեղադրելու, բազմաթիւ մեկնաբաններ կ՛ըսեն, որ դրդապատճառներու, հնարաւորութիւններու, կարողութեան, անցեալի եւ նման վարքի համադրութեամբ` Իրանն է ամէնէն հաւանական երկիրը:

Աւելի՛ն. յարձակումները տեղի ունեցան Հըզպալլայի բարձրաստիճան հրամանատարի մը բացայայտօրէն իսրայէլեան գործակալներու կողմէ սպանութեան տարեդարձէն օր մը ետք:

Հըզպալլա վերահաստատեց իր դաշինքը Իրանի հետ եւ իր ղեկավարը` Հասան Նասրալլա ըսաւ, որ Իրան իր կազմակերպութեան տրամադրած է «Բարոյական, քաղաքական եւ դրամական աջակցութիւն` իր բոլոր տրամադրելի միջոցներով, 1982-էն ի վեր»:

Ատիպ Մողատտամ կ՛ըսէ, թէ Վրաստանի եւ Հնդկաստանի նման երկիրներու հետ ջերմ յարաբերութիւնները թշնամոյն չնչին վնաս պատճառող յարձակումներու համար վտանգի ենթարկելը անբարենպաստ պիտի ըլլայ եւ անտրամաբանական պիտի թուի Իրանի: Ասոր դիմաց, Ուէյն Մերրի` Եւրասիոյ մասնագէտ մը Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդին մէջ, ձայնասփռուած «Ազատ Եւրոպա» ձայնասփիւռ) զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ մօտիկութիւնը` Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի, ինչպէս նաեւ յարաբերական դիւրութիւնը, որուն միջոցով իրանցի գործակալներ կրնան մուտք գործել այդ երկիրներու տարածքները, իսրայէլեան կեդրոնները «ամէնէն մատչելի թիրախներ» կը դարձնեն:,

«Կը կարծեմ, որ մենք ականատես ենք Իրանի եւ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութիւններու միջեւ շղթայազերծուող, ծաւալող ցած մակարդակի անհամաչափ հակամարտութեան, որուն ընթացքին չի յարգուիր այլ երկիրներու տարածքն ու գերիշխանութիւնը», ըսաւ ան:

Մինչ Վրաստանի պաշտօնատարները տակաւին լռութիւն կը պահպանեն, այս միջադէպերուն վերաբերեալ, Հայաստան եւ Ազրպէյճան իրենց դաշնակիցներուն հետ անցեալ ամիս քննարկումներ կայացուցին:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 15 փետրուարին այցելեց ՕԹԱՆ-ի Պրիւքսելի կեդրոնը, նաեւ տեսակցեցաւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ` վերջին շաբաթներու իրադարձութիւնները քննարկելու համար:

Հայաստան իր արտաքին գործոց փոխնախարարը փետրուարի սկիզբը Իրան առաքեց «ամրապնդելով» իր յարաբերութիւնները Թեհրանի հետ` «յանուն խաղաղութեան եւ կայունութեան» (ըստ Հայաստանի պետական աղբիւրներու):

Վրաստան այժմ պէտք է որոշէ` կրնա՞յ իր ընկերները մօտ պահել, իսկ ընկերներուն թշնամիները` աւելի մօտ:

ՆԻՔՈԼԱՍ ՔԼԷՅԹԸՆ

«Էժիա Թայմզ»

Share this Article
CATEGORIES