Լիբանանի ՀԿՄ Պատանեկան Միութեան Ա. Համագումար (Զալքա, 10-11 Մարտ 2012)

Շաբաթ, 10 եւ կիրակի, 11 մարտ 2012-ին, Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ՀԿՄ Պատանեկան միութեան Ա. համագումարը, նախագահութեամբ ՀԿՄ Պատանեկան միութեան հիմնադիր` Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի, մասնակցութեամբ` Սուրբ Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Վարդան վրդ. Գազանճեանի, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Նարեկ վրդ. Լուիսեանի, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ` Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի. ինչպէս նաեւ Միութեան երեք հրամանատարներուն` Արամ Գարատաղլեանի, Յակոբ Թէրճանեանի, Սիպիլա Փաչանեանի եւ երկու մասնաճիւղերու խորհուրդի անդամներուն:

Երկու oրերու ընթացքին արծարծուեցան Պատանեկան միութեան առաքելութիւնը կարեւորող հայապահպանման, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ համայնքային հարցերը` ի խնդիր նոր սերունդի առողջ կազմաւորման: Արծարծուեցան նաեւ միութեան գործունէութեան դիմաց ծառացող դժուարութիւնները: Նոր Աւետարանացման լոյսէն մղուած, համագումարին մասնակիցները  հաստատեցին քրիստոնէական եւ ՀԿՄ-ական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը պատանիներուն համար:

Համագումարին մասնակիցները կազմեցին չորս յանձնախումբեր քննարկելու համար`

– Օրակարգի վրայ ճշդուած նիւթերը,
– Հայ կաթողիկէ երիտասարդական ծրագիրը,
– Մասնաճիւղային ներքին հարցերը,
– Յարաբերական եւ համագործակցութեան հարցերը:

Համագումարին վերջին oրը հիւրաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին նախկին հրամանատարներ` Կրէկուար Գալուստ, Կարo Մարաշլեան, Կարo Գահուէճեան եւ Մհեր Գալէնտերեան, որոնք իրենց անմիջական փորձառութենէն մեկնելով գնահատեցին տարուած աշխատանքը եւ կարծիքներու փոխանակումներ տեղի ունեցան` ապագայի հեռանկարներու լոյսին տակ:

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԱՏԵՆԱԴՊՐՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES