Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Հիմնադրամներու կառոյցի մարմինը իր հերթական ժողովը գումարեց 26 յունուար 2012-ին` օրակարգի վրայ ունենալով Համազգայինի տրամադրութեան եւ տնօրինումին յանձնուած հիմնադրամներու 2011-ի գործառնութիւնը, ինչպէս նաեւ կատարուելիք յատկացումները:

Մարմինը քննելէ ետք Համազգայինի Հիմնադրամներու 2011 տարուան նիթական գործառնութիւններու արդիւնքը եւ ներդրուած գումարներուն տարեփակի հաստատագիրները, վաւերացուց Համազգայինի Հիմնադրամներու առ 31/12/2011 հաշուեկշիռը:

Մարմինը` այսու մեր հասարակութեան կը տեղեկացնէ, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գիտութեամբ, 2011 տարուան հիմնադրամներու եկամուտներէն կատարած է հետեւեալ յատկացումները, ըստ հիմնադրամներու կանոնագրութիւններով սահմանուած տրամադրութիւններուն:

1.- Տոքթ. Սամուէլ Սեմերճեանի անուան, բժշկութեան ճիւղի ուսանողի յատուկ հիմնադրամէն` 1500 տոլար, հիւանդանոցային տարրալուծարանային գիտութեան հետեւող ուսանողի մը:

2.- Մկրտիչ եւ Քնար Գարագաշեաններու անուան, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի յատուկ, հիմնադրամէն 2500 տոլար, Ճեմարանի սաներու ֆոնտին:

3.- Զոհրապ Պոսնոյեանի անուան, Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի եւ Ճեմարանականներու համալսարանական կրթաթոշակի յատուկ,

Ա.- 2000 տոլար, ճեմարանի սաներու ֆոնտին:

Բ.- 2000, տոլար, համալսարանի առաջին տարուան երկու ճեմարանաւարտ ուսանողներու:

4.Պաստրմաճեան, Մազմանեան եւ Համազգայինի Հրատարակչական հիմնադրամներէն, 6000 տոլար, Համազգայինի Հրատարակչականին, Օրհան Փամուքի «Ձիւնը» գիրքին Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ հրատարակութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երիտասարդ գրողներու Ծաղկաքաղ` «18-33 Անթոլոկիա» գիրքի հրատարակութեան համար:

5.- Մկրտիչ եւ Ազնիւ Սարգիսեաններու անուան, հայագիտական ուսմանց յատուկ հիմնադրամէն  3000 տոլար, յատկացում Հալէպի հայագիտական հիմնարկին:

ՀՀԿՄ-ը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատու ընտանիքներուն, որոնք իրենց հաստատած հիմնադրամներու ճամբով սատար կը հանդիսանան Համազգայինի կրթական, հրատարակչական ու մշակութային առաքելութեան:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄՆԵՐՈՒ
ԿԱՌՈՅՑԻ ՄԱՐՄԻՆ (ՀՀԿՄ)

9 մարտ 2012, Պէյրութ

 

Share this Article
CATEGORIES