Թատրոն. Ալ. Շիրվանզադէի «Ազգային Գործիչը». Զաւե՞շտ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Հայկական ազգային թէ ընկերային կեանքը բնութագրող, նոյն ատեն ձաղկող թատերախաղ մըն է Շիրվանզադէի «Ազգային գործիչը» թատրերկը, զոր ներկայացուց «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը, 8 մարտ 2012-էն սկսեալ եւ յաջորդ շաբաթավերջերուն, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, բեմադրութեամբ հայրենի վաստակաշատ բեմադրիչ փրոֆ. Երուանդ Ղազանչեանի:

Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր Ե. Ղազանչեան կը գործակցի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին հետ` լիբանանահայ գաղութի թատերական կեանքը խանդավառող թատերական ներկայացումներ բեմադրելով: Վարպետ բեմադրիչը այս տարուան համար ընտրած է Շիրվանզադէի «Ազգային գործիչը», որուն թեման այժմէական կը մնայ` հակառակ մօտ դար մը առաջ ստեղծագործուած ըլլալուն: Մարդկային փառասիրութիւն, ինքնասիրական տկարութիւն, խոցելի վարք մը, որ ծիծաղելի ըլլալով հանդերձ, չի սրբագրուիր: Սոկրատ փիլիսոփային «Ծանիր զքեզ» պատուէրին անծանօթ անձերու անմիտ թուլութեամբ:

Դաստիարակիչ թելադրանք մըն է այս թատրերկը, որուն բեմական արտայայտութիւնը զաւեշտական երես մը ունի, իսկ խորքին մէջ` ողբերգութիւն մը անկասկած, որ կը կորսուի ծիծաղելիին դաշտին մէջ: Միքայէլ Բուռնութեան հարուստ մարդ մըն է, ընտանիք, զաւակներ ունի, խառնուածքով` փառասէր, կ՛ուզէ նաեւ ազգային գործիչ դառնալ իր անմշակ որակով: Մարդը ինքզինք հաւնած է, դրամ ալ ունի, ինչո՞ւ բեմ ելլելով` ճառ մը չխօսի: Շիրվանզադէ պատկերացում մը կու տայ մարդ, կամ աւելի ճիշդ` հայ արարածին տիպարին մասին, զայն նմանցնելով ծոյլ եզան, որ ծեծով կը հերկէ: Ներկայացման սկիզբը լսեցինք հայը կամ անոր բնաւորութեան ծուռ կողմերը դատապարտող շարահիւս խօսքեր` իրաւ կամ անիրաւ, որ ծիծաղ կ՛առթէ, բայց նոյն ատեն կը վշտացնէ: Իրա՞ւ այդպէս է հայը… ափսո՜ս:

Հարուստ Միքայէլ ունի կին մը` նազանի, որ թեթեւամիտ է եւ պճնասէր: Ունի հինգ զաւակ, երեք որդի եւ երկու դուստր, իւրաքանչիւրը` ուրոյն բնաւորութեամբ. մէկը երգիչ ըլլալ կ՛ուզէ, միւսը` ոչինչ, երրորդը ունի թռիչքի մարմաջ, աղջիկները` նորաձեւութեան հետեւողներ եւ այլ խառնուածքներու արտայայտիչներ:

Ազգային գործիչ մը ըլլալու Միքայէլ Բուռնութեանի դերը ստանձնած է Յարութ Մանուկեան, որ խաղարկութեան առաջին պահէն մինչեւ վերջ ներկայութիւն եղաւ բեմին վրայ` համոզիչ խաղարկութեամբ: Յոգնեցուցիչ կերպարի մը մարմնացումը կատարեց ան` արժանանալով ծափահարութեան: Այս ըսելով` կ՛ուզենք շեշտել ընդհանուր խաղարկութեան, իւրաքանչիւր կերպարին, կարճատեւ կամ երկարատեւ դերերով, գնահատելի ու քաջալերական խաղարկութիւնը: Կարելի է ըսել, որ «Վահրամ Փափազեան»-ի դերակատարները բաւական յառաջդիմած են ու մշակուած, որքան խօսքերու արտայայտչականութեամբ, նոյնքան ալ` արագ շարժումներու ոլորտին մէջ: Մակի Վասիլեան հիանալի խաղարկութեամբ արդարացուց իր կերպարը: Յարութ Թորոսեան նոյնպէս, միշտ փնտռուած ու շատ ծափահարուած դերասանն է, տաղանդաւոր եւ համակրելի է: Միքայէլի երեք որդիներէն մէկն էր ան, իսկ միւս երկու տղաքը` Յարութ Սամոյեան եւ Վիգէն Քէօշկերեան, բնական խաղարկութեամբ օգտակար եղան ներկայացման ծիծաղին զարգացման:

Միքայէլի երկու աղջիկները` Արփի Աւետիքեան եւ Քրիստինէ Սրապոնեան, հարուստ եւ քիչ մըն ալ շփացած, արտայայտեցին իրենց պչրոտ կերպարի յատկանիշները: Երանի թէ անոնց ճիչերը քիչ մը «մեղմանուշ» ըլլային` խնայելու համար հանդիսատեսներու լսողութիւնը…

Այտա Սրապոնեան սպասուհիի դերով մնաց իր դիրքին պատշաճ եղանակով: Ներկայացման վերջին երեւումը կարճատեւ մասնակցութեամբ կատարեց Հրաչ Գույումճեան` իր ստանձնած դերը սորված, թատրոնը սիրելու հրաւիրուած փորձարկութեամբ:

Ծիծաղը, խնդուքը խանդավառեցին սրահը եւ բեմը` սովորական նկատուող դիպաշարերը շեշտադրելով ձայնային եւ շարժումներու ճկուն արտայայտութիւնները: Եթէ խաղարկութիւնը տկար ըլլար, գուցէ սիրելի կամ հաճելի չթուէր Ալ. Շիրվանզադէի գրեթէ մեր բեմերուն անծանօթ այս փիէսը: Շնորհակալութիւն բեմադրիչին, որ իր տաղանդին ներդրումով մեզի ծանօթացուց անմահանուն Շիրվանզադէի այս թատրերկը, որպէսզի մեր կարգին խոնարհինք եւ չափաւորենք մեր անտեղի փառասիրութիւնները: Իր պարզութեան մէջ բարդ, իր անկեղծութեան մէջ ուսանելի եւ դաստիարակիչ նման ներկայացումներու կարիքը ունինք, քիչ մը կը խնդանք, քիչ մըն ալ կը տրտմինք մեր անմտութեան, մեր ինքնասիրութեան եւ հրապարակներուն վրայ երեւնալու տենչերով տարուած: Նոյնն է նաեւ այսօր: Ինչո՞ւ չենք սրբագրուիր: «Հայկական է, պատուական է» բանաձեւը յիշեցինք այս պարագային` պարզապէս թատրերկին հայկական ստեղծագործութիւն մը ըլլալուն համար: Մե՛րն է, էլի…

Չմոռնանք յիշելու, որ Շիրվանզադէի արեւելահայերէնը վերածուած էր արեւմտահայերէնի` դերասան եւ բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի աշխատանքով: Շնորհակալութիւն` բոլորին: Կ՛ուզենք պահիկ մըն ալ յիշել անմոռանալի Ուիլիըմ Սարոյեանը, որուն պատգամախօսի լեզուով աւարտեցաւ ներկայացումը` փառաբանելով Հայը: Ուրախացանք, որ Հայը աննման է, սիրելի եւ փնտռուած…

 

Share this Article
CATEGORIES