Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ. Թաթուլ Յակոբեանի «Հայեացք Արարատէն» Գիրքի Շնորհահանդէս

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` երկուշաբթի, 19 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թաթուլ Յակոբեանի «Հայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն» (արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութեամբ) գիրքին շնորհահանդէսը:

Յակոբ Գառնէշեան

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Յակոբ Գառնէշեան, որ նշեց, թէ Յակոբեանի անունը «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ առաջին անգամ կարդացուեցաւ 2005-ին, եւ ան կրցաւ իր անունը ամրագրել լրագրողի կոչումին` հաւատարիմ եւ անկողմնակալ մնալով իր առաքելութեան:

Ապա դաշնակով ելոյթ ունեցաւ Նարէ Աղասարգիսեան, որ նուագեց Շոփենէն ստեղծագործութիւն մը: «Հայեացք Արարատէն» գիրքը ներկայացուց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ նշեց, թէ գիրքի խորագիրին արարատեան հայեացքը երկկողմանի է` միաժամանակ թէ՛ դէպի Արեւմտահայաստան եւ թէ՛ դէպի ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ երկուքին ճամբով նաեւ դէպի ընդհանուր հայկական աշխարհ:

 

Սարգիս Կիրակոսեան

Շահան Գանտահարեան

Գանտահարեան ըսաւ, որ զուտ պատմականին եւ բացառապէս քաղաքականին առընթեր ժողովրդային հանդիպումները հսկայական առաւելութիւն ապահոված են աշխատանքի վաւերականութեան եւ հաւաստիութեան առումով:

Ան աւելցուց, որ Յակոբեանի հատորին մէջ արծարծուած բոլոր խնդիրներուն նկատառումով պէտք է պատրաստուի հայ-թուրք յարաբերութիւններու պետական նոր հայեցակարգ, ուր համաձայն ըլլալով առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններուն, անոնց բնականոնացման ուղիները որեւէ ձեւով ստուեր չձգեն մեր պատմական իրաւունքներու վերականգնման եւ Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր հետեւանքներու վերացման համազգային մեր ընկալումներուն վրայ:

Շահան Գանտահարեան նշեց, որ համահայկական մեր պահանջներու ամբողջականութեան մէջ ճեղք պէտք չէ նկատուի, եւ հայկական կողմը համաձայնութիւն պէտք չէ յայտնէ հայ եւ թուրք պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի ստեղծման:

Գանտահարեանի խօսքէն ետք, ջութակով ելոյթ ունեցաւ Մարինէ Հալլաճեան, որուն դաշնակով կ՛ընկերակցէր Կարինէ Կաքկէօզեան:

Այս առիթով հերթաբար նաեւ խօսք առին Սարգիս Կիրակոսեան, Խաչիկ Տէտէեան եւ Տիգրան Ճինպաշեան:

Կիրակոսեան ըսաւ, որ Թաթուլ Յակոբեանը քաղաքական մեկնաբան է, հայ իրականութեան հանգոյցները լուծող լրագրող եւ արկածախնդրութիւններէն չհրաժարող պատմիչ: Ան հաստատեց, որ գիրքին հեղինակը միշտ ալ ծառայած է իր ստորագրութեան պատիւը բարձր պահելու ի խնդիր: Ան ըսաւ, որ հեղինակը ամէն օր դէպի Արարատ լարուած է եւ ընդմիշտ կ՛առաջնորդուի Արարատով:

Խաչիկ Տէտէեան

Տիգրան Ճինպաշեան

Իսկ Տէտէեան յայտնեց, որ Յակոբեանը լուրջ բանասէր մըն է, որ ոչ միայն չոր ու ցամաք պատմական տուեալներ կը ներկայացնէ, այլեւ` քաղաքական խորքին կ՛անցնի ու բծախնդիր մօտեցումներ կը ցուցաբերէ: Խաչիկ Տէտէեան հաստատեց, որ հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Իր կարգին Տիգրան Ճինպաշեան յայտնեց, որ Յակոբեան Հայաստան-սփիւռք կապերուն մէջ բերաւ իւրայատուկ ոճ մը: Ան ըսաւ, որ Յակոբեան իր գրածը արձանագրելով չի բաւարարուիր, այլ` արխիւներէն, փաստաթուղթերէն, մամուլի էջերէն կը փորձէ խնդիրները մեկնաբանել այնպէս, ինչպէս որ են: Ճինպաշեան հաստատեց, որ Թաթուլ Յակոբեան ունի հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու խոր գիտակցութիւն: Ան յոյս յայտնեց, որ Յակոբեան շարունակէ իր աշխատանքը եւ ուրիշներ ալ իր ուղիին հետեւին:

Թաթուլ Յակոբեան

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ «Հայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն» գիրքի հեղինակ, «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեան, որ նշեց, թէ գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Յակոբեան շեշտեց, որ այս գիրքի պատրաստութեան համար բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն գծով պատմական մէջբերումներ կատարելէ ետք, շնորհահանդէսին առիթով Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իր գիրքերու հրատարակման, իր Լիբանան այցելութիւններուն եւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն մէջ ունեցած են իրենց նիւթական եւ բարոյական մասնակցութիւնը: Ան հաստատեց, որ այսօր Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները սառեցուած են, եւ թուրքերը լաւապէս գիտեն, որ այս գծով հայերը յստակ պահանջներ ունին:

Ապա Յակոբեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն եւ մակագրեց գիրքերը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES