Թուլուզի Մէջ Հրէական Դպրոցի Մը Դէմ Յարձակում Մը Չորս Զոհ Կը Պատճառէ

Դէպքին վայրը

Մոթորսիքլեթով զինեալ մը կրակ բացաւ ֆրանսական Թուլուզ քաղաքին մէջ գտնուող հրէական դպրոցի մը վրայ` սպաննելով երեք աշակերտներ եւ ուսուցիչ մը:

Ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ անցեալ շաբաթ Ֆրանսայի նոյն շրջանին մէջ երեք զինուորներու սպանութեան անջատ դէպքերու եւ այս յարձակումին միջեւ նմանութիւններ կան: Երեք յարձակումներն ալ հիւսիսային ափրիկեան ծագումով զինեալի մը կողմէ կատարուած են:

Սակայն Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, որ դէպքին վայրը այցելեց, յայտնեց, որ «տակաւին շատ կանուխ» է վճռելու համար, որ այս դէպքերուն միջեւ կապ մը գոյութիւն ունի: «Ինչ ալ պատահի, ի տես զոհերու թիւին, կրնանք ըսել, որ Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը իր ամբողջութեան մէջ այս սոսկալի աղէտէն վնասուած է»: «Հրէական դպրոցի մը մէջ մանուկներու ջարդը չեմ կրնար ընդունիլ», ըսաւ ան:

Ֆրանսայի աւագ ռաբբի Ժիլ Պերնհայմ յայտնեց, որ ինք այս դէպքէն «սոսկացած է» եւ «ցնցուած»: Իսրայէլ եւս յայտնեց, որ «Օզար Հաթորա» հրէական դպրոցին մուտքին պատահած դէպքէն ցնցուած է` աւելցնելով, որ վստահութիւն ունի, որ ֆրանսական իշխանութիւնները «այս աղէտին վրայ լոյս պիտի սփռեն եւ ոճրագործները արդարադատութեան պիտի յանձնեն»:

Թուլուզեան «Լա Տեփեշ» օրաթերթը նշեց, որ դէպքը տեղի ունեցած է դպրոցի մանկամսուրի մուտքին: Ոստիկանութիւնը շրջանին մէջ լայնածաւալ հետաքննութեան ձեռնարկած է, իսկ Ֆրանսայի մէջ հրէական դպրոցներուն շուրջ ապահովական միջոցառումները խստացուած են:

 

Share this Article
CATEGORIES