«Միջազգային Կարգ Մը Ուժեր Կը Զգուշանան Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Որեւէ Միջամտութեան Առնչակից Դառնալէ, Սակայն Կը Փորձեն Թուրքիան Մղել Այդ Մէկը Կատարելու» Կ՛Ըսէ Քըլըճտարօղլու
Ֆրանսա վերահաստատեց ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Քոֆի Անանի առաքելութեան իր զօրակցութիւնը` յոյս յայտնելով, որ «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այդտեղ արիւնալի բռնութիւնները դադրեցնելու միջոցառումներ որդեգրէ»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ յայտնեց, որ Անան Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն հետ իր խորհրդակցութեանց ընթացքին պահանջած է, որ անոնք մէկ ձայնով խօսին: Ան Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` «արիւնալի բռնութիւնը դադրեցնելու, մարդասիրական օժանդակութիւններ Սուրիա հասցնելու եւ 16 փետրուարին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրուած արաբական նախաձեռնութեան հիմամբ հաւաստի քաղաքական լուծում մը գտնելու արագ միջոցառումներ որդեգրելու»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Հալէպի մէջ քաղաքական ապահովութեան բաժանմունքի շէնքը թիրախ դարձուցած «ահաբեկչական յարձակումը», որ 2 զոհ եւ 24 վիրաւոր պատճառեց` նշելով, որ «այս ոճիրները գործողներուն նպատակը սուրիական մեծագոյն քաղաքներուն` Դամասկոսի եւ Հալէպի կայունութիւնը քայքայելն է եւ երկրին մէջ իշխանութեանց ու քաղաքայիններուն դէմ ահաբեկչական արշաւ մը շղթայազերծելը»:
Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ «սուրիական տագնապին ապահովական լուծումը երկրին եւ ամբողջ շրջանին համար վնասակար է»` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ահաբեկչական երեւոյթները վճռական կերպով արգելակել եւ անոր զուգահեռ Անանի ջանքերուն ճամբով խաղաղ լուծումի մը ուղղութեամբ յառաջընթացը ապահովել:
Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ «սուրիական տագնապը սուրիական ներքին հարց մըն է»` ընդգծելով, որ «սուրիական վարչակարգը երկրին մէջ հիմնական կողմ մըն է եւ կարելի չէ զայն եւ անոր համակիր զանգուածի կարծիքը անտեսել, իսկ վարչակարգի հակառակորդներուն կողմէ տագնապի զինուորական կերպով վճռումը անհաւանական կը նկատենք»: Ան աւելցուց, որ «ոչ մէկ կողմ կրնայ հարցը զինուորական կերպով վճռել»` զգուշացնելով, որ «եթէ խաղաղ ջանքերը չյաջողին, կացութիւնը աւելի պիտի վատթարանայ, ուստի պէտք է բռնարարքները դադրեցնելու գծով համաձայնութիւն գոյացնել եւ ազգային համապարփակ երկխօսութիւն կազմակերպել»:
«Ռուսիա Եոմ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ սեւծովեան նաւատորմիղի սպայակոյտէն աղբիւրներ յայտնած են, որ զօրքերու փոխադրման «Իման» մարտանաւը, որուն վրայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուժեր եւ ցամաքահանումի մասնագէտ նաւազներ կան, Սեպասթափոլէն հասած է սուրիական Թարթուս նաւահանգիստը: Աղբիւրը նշած է, որ Միջերկրականի մէջ կը գտնուի նաեւ հետախուզական «Քիքֆաթոր» մարտանաւը: «Իման» մարտանաւը փոխարինած է «Իվան Փոփով» մարտանաւը, որ նախապէս Թարթուս կը գտնուէր: ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ եւ ռուսական այլ լրատու գործակալութիւններ իրենց կարգին հաղորդեցին, որ ռուսական մասնայատուկ ուժեր Սուրիա հասած են:
Մինչ այդ, Քոֆի Անանի ուղարկած թեքնիք յանձնախումբը երէկ եռօրեայ այցելութեամբ Դամասկոս հասաւ, ուր Անանի ներկայացուցած առաջարկներուն շուրջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ քննարկումներ պիտի կատարէ: Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեցին, որ յանձնախումբը կազմուած է Անանի երկու օգնականներէ, որոնցմէ մէկը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի գրասենեակին մէջ գործող արաբ մըն է: Յանձնախումբը հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի գլխաւորութեամբ սուրիական պատուիրակութեան մը հետ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ հրապարակեց հրամանագիր մը, ըստ որուն, Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածութիւններու առաջադրման ժամկէտը (հինգշաբթի, 22 մարտ) մէկ շաբաթով (մինչեւ չորեքշաբթի, 28 մարտ) կ՛երկարաձգուի:
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարեց, որ «Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Սուրիոյ դէմ ուղղուած քաղաքականութեանց դէմ պիտի կանգնինք»` վերահաստատելով «Սուրիոյ մէջ որեւէ զինուորական միջամտութեան» իր ընդդիմութիւնը: Ան նշեց, որ «միջազգային կարգ մը ուժեր կը զգուշանան Սուրիոյ մէջ զինուորական որեւէ միջամտութեան առնչակից դառնալէ, սակայն կը փորձեն Թուրքիան մղել այդ մէկը կատարելու»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «սուրիական վարչակարգը` սպանութեան վրայ իր պնդումով կը փաստէ, որ Ասատի վարչակարգը սպառած է դիւանագիտական միջոցները, ուստի քաղաքական ղեկավարութիւնը պատասխանատուութիւն կը կրէ»:
Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլայեւի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Դամասկոսի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը Սուրիոյ մէջ գտնուող ազրպէյճանցի քաղաքացիներուն խորհուրդ կու տայ հայրենիք վերադառնալ: Սակայն առայժմ այլ երկիրներու օրինակով Ազրպէյճանի դեսպանատան փակման կամ դիւանագէտները տուն կանչելու մասին խօսք չկայ:
Նշենք, որ Ռուսիա եւ Միջազգային կարմիր խաչը երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէ մը ետք կոչ ուղղեցին` մարդասիրական օժանդակութեանց մատակարարման համար օրական զինադադար մը հաստատելու: