Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի գուժեց Շնոտա Գ. պապին վախճանումը` նկատել տալով, որ պապը չափաւորականութեան, այլ կրօններու նկատմամբ լայնախոհութեան եւ ազգային համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտելու օրինակելի տիպար մըն էր:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը շարունակէ Եգիպտոս կատարած իր այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ղպտի կաթողիկէներու Անթոնիոս Նեժիպ պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ իրենք բաց են այնպիսի վարչակարգերու, որոնք ժողովրդավարական կերպով կը հասնին իշխանութեան:

«Օ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Պքերքէի մէջ 3 ապրիլին տեղի ունենալիք միջմարոնիական հանդիպումը յետաձգուած է անորոշ թուականով:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ կան որոշ յանցագործներ, որոնք կը հետապնդուին` ձերբակալուելու եւ բանտարկուելու համար:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ 2008, 2009 եւ 2010 տարիներու ելեւմուտքի հաշուեկշիռը արդէն իսկ պատրաստ է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ջիղերը քայքայուած են, որովհետեւ ան լիբանանեան եւ սուրիական ճակատներուն վրայ պարտութիւն արձանագրած է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի կրօնաւոր մը «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Եգիպտոս կատարած այցելութիւնը արդէն իսկ Ազհարի շէյխին հետ հանդիպում չէր ներառեր:

«ՈՐԵՒԷ հարց, որ կը յուզէ լիբանանցիներն ու հանրային կարծիքը, կը յուզէ նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը», ըսաւ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ զինեալ ուժերու պատասխանատու Մունիր Մաքտահ երէկ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ պատասխանեց Այն Հելուէ գաղթակայանին մասին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կատարած յայտարարութիւններուն: «Ժահժահ պէտք է գիտնայ, որ այդ զէնքը կ՛օգտագործուի պահպանելու համար պաղեստինցիները` այլ Սապրայի սպանդի մը հաւանականութենէն», ըսաւ Մաքտահ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ յայտնեց, որ կան քաղաքական կարգ մը ուժեր, որոնք ինչ ալ ըլլայ պիտի չյանձնուին շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու նպատակներն ու շահերը իրականացնելու յանձնառութեան:

ՍԱՅՏԱՅԻ աւագ քննիչ դատախազ Մունիֆ Պարաքաթ երէկ հրապարակեց նախնական ամբաստանութիւն մը, որուն մէջ պահանջեց մահապատիժի վճիռը արձակել սուրիական քաղաքացիութիւն կրող Նասեր Մոհամետ Հասանի դէմ` Սայտայի լումայափոխներէն Մոհամետ Նաթութը սպաննելու եւ անոր վաճառատունը գողնալու յանցանքին պատճառով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի նախատեսեց, որ կառավարութիւնը իր չորեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին քննարկէ նախորդ կառավարութիւններուն մսխած գումարներուն թղթածրարը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի խստիւ դատապարտեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի դէմ յարձակումը` աւելցնելով, որ անիկա ամբողջ Լիբանանի դէմ ուղղուած յարձակում է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES