Ժոմպլաթ. «Սուրիոյ Տագնապին Լուծումը Միայն Քաղաքական Կրնայ Ըլլալ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կուսակցութեան «Անպա» պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուած իր տեսակէտին մէջ ընդգծեց, որ ոեւէ գիտակից մարդ պէտք է համոզուի, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի կ՛ըլլայ միայն քաղաքականութեամբ, որովհետեւ քաղաքական լուծման այլընտրանքը պիտի ըլլայ մտնել քաղաքացիական պատերազմի մէջ, որուն արժանի չէ սուրիացի ժողովուրդը:
Անդրադառնալով Դիմադրութեան զէնքին` Ժոմպլաթ վերահաստատեց, որ այդ թղթածրարը քննարկելու յարմար վայրը միջլիբանանեան ազգային երկխօսութիւնն է, որուն ընթացքին պիտի որոշուին Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը եւ Լիբանանը Իսրայէլէն պաշտպանելու քայլերը:
CATEGORIES Լիբանանեան

