Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ռուսական Դեսպանատուն

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի պատուիրակութիւնը եւ դեսպան Զասպիքին

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի, երէկ այցելեց Պէյրութի ռուսական դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինի հետ:

Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Ռաատ շեշտեց, որ այցելութեան նպատակն է շնորհաւորել Վլատիմիր Փութինի` իբրեւ Ռուսիոյ նախագահ ընտրութիւնը եւ վերահաստատել, որ իրենք բարձր կը գնահատեն շրջանին մէջ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը:

«Ռուսիոյ դերակատարութիւնը ՄԱԿ-ը կը վերադարձնէ իր հիմնական սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ միջազգային հաւասարակշռութիւնը», ըսաւ Ռաատ:

Իր կարգին, Զասպիքին շեշտեց, որ համաշխարհային եւ շրջանային առումով Ռուսիա պիտի շարունակէ իր անկախ ընթացքը:

 

Share this Article
CATEGORIES