Նախարար Մանսուր Այսօր Կը Հանդիպի Լաւրովի Հետ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ռուսիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Փաթրիշեւի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան արաբական շրջանը, Լիբանանը եւ Սուրիան յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք տարբեր մարզերու մէջ ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս տնտեսական եւ զբօսաշրջական առումով:

Մանսուր շեշտեց, որ արաբական աշխարհին մէջ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը մեծ է, որովհետեւ ան մնայուն կերպով կը զօրակցի արաբական արդար դատերուն եւ նեցուկ կը կանգնի շրջանի Դիմադրութեան շարժումներուն:

Մանսուր այսօր հանդիպում մը կ՛ունենայ իր ռուս պաշտօնակիցին` Սերկէյ Լաւրովի, ինչպէս նաեւ Տումայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ալեքսի Պոշքովի հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES