Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Եգիպտական Զինուորական Պատուիրակութիւն Մը
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Մուսթաֆա Թուֆիքը, որուն ընկերակցեցաւ եգիպտական զինուորական-բժշկական պատուիրակութիւն մը եւ դեսպանատան զինուորական կցորդը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զինուորական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան


