Նախարար Սապունճեան Ստացաւ Իրան Եւ Թունուզ Այցելութեան Հրաւէրներ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները:
Այս շրջագիծին մէջ Ապատի նախարար Սապունճեանին յանձնեց Իրան այցելութեան հրաւէր մը:
Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած են փոխըմբռնումի 30 համաձայնագիրներ:
Ան շեշտեց, որ Թեհրան պատրաստ է օժանդակելու` Լիբանանի մէջ ճարտարարուեստի յատուկ շրջաններու կառուցման, ինչպէս նաեւ դեղորայքի պատրաստութեան եւ Լիբանանէն պտուղներու արտադրութեան գնումին:
Իր կարգին, Սապունճեան գնահատեց այս հրաւէրը եւ խոստացաւ մօտիկ ապագային ընդառաջել անոր` երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը աշխուժացնելու նպատակով:
Վ. Սապունճեան ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թունուզի դեսպան Մոհամետ Ֆաուզի Պալլութը, որմէ նաեւ ստացաւ Թունուզ այցելութեան հրաւէր մը:
Սապունճեան խոստացաւ ընդառաջել Լիբանանի եւ Թունուզի միջեւ ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող համաձայնագիրներուն ստորագրութեան:
Նախարար Սապունճեան ընդունեց նաեւ Շուէյֆաթի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու համախմբումի նախագահ Ատիպ Ապպասը, որուն հետ քննարկեց Շուէյֆաթի ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող հարցերը: