50 Տարի Առաջ ( 21 մարտ 1962)
Ազգային Կեանքը
Քարանթինայի Մէջ
Քարանթինայի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանին անդրանիկ պարահանդէսը` «Օմար Խայամ» պանդոկի սրահին մէջ բացառիկ յաջողութեամբ պսակուեցաւ եւ աւանդականօրէն տեղի պիտի ունենայ ամէն տարի:
Այս բացառիկ յաջողութիւնը, բացի շրջանի Թաղական խորհուրդէն եւ տնօրէնութենէն, կը պարտինք նաեւ վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան անդամներուն, Օգնութեան խաչի մասնաճիւղի տիկիններուն, «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի անդամներուն, որոնք չխնայեցինք իրենց բարոյկան աջակցութիւնը:
Ընտանեկան ջերմ ու հաճելի մթնոլորտ մը կը տիրէր սրահին մէջ` մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00-ը: Ներկաները բաժնուեցան սրահէն բարձր տրամադրութիւններով: Այս առթիւ վարժարանին ի նպաստ եղան նուիրատուութիւններ: Բարերար եւ պարահանդէսի պատուոյ նախագահ Սուրէն Խանամիրեան նուիրեց 500 լ. ոսկի, Աբրահամ Զապունեան` 50 եւ Փարամազ Տօնիկեան` 25:
Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի պատկան մարմինները մտադրած էին հաւաքոյթի մը հրաւիրել բոլոր անոնք, որոնք հեռուէն կամ մօտէն օժանդակեցին 10 փետրուարին տեղի ունեցած պարահանդէսին: Այս առիթով 28 փետրուարին, չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Քարանթինայի Օգնութեան խաչի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հաւաքոյթ մը, որուն ներկայ էին Թաղական խորհուրդի անդամները, վարժարանին ուսուցչական կազմը, Օգնութեան խաչի Քարանթինայի մասնաճիւղին տիկինները, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին ներկայացուցիչները, վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան անդամները եւ այլ ազգայիններ:
Հաւաքոյթը բացաւ վարժարանի տնօրէնուհին` Վարդիթեր Մկրտիչեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ եւ բացակայ բոլոր անոնց, որոնք իրենց օժանդակութիւնը չզլացան, որպէսզի պարահանդէսը անցնի յաջողութեամբ:
Հաւաքոյթին սեղանապետ ընտրուեցաւ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի դերուսոյց-ղեկավար Ժորժ Սարգիսեան: Երեկոյթը ընթացաւ յարաճուն խանդավառութեամբ: Մեներգներով ելոյթ ունեցան` Աստղիկ Ասատուրեան, Անահիտ Տեմիրճեան, Արաքսի Քիւփելեան, Լուսածին Վարժապետեան, Զեփիւռ Շանթ եւ Ս. Նշանի տնօրէն Յակոբ Իսկենտերեան, որ նաեւ ըսաւ կարճ, բայց գեղեցիկ խօսք մը: «Ես, ըսաւ յարգելի տնօրէնը ոչ մէկ խտրութիւն կը դնեմ որեւէ աշխատանքի մէջ, որպէսզի յարատեւէ հայ դպրոցը, որպէսզի հայ մանուկը սորվի հայերէն եւ պահէ իր լեզուն: Կոչ կ՛ընեմ բոլորին, ըսաւ, որ աջակցին, թիկունք կանգնին իրարու, որպէսզի հայ մշակոյթի մեծ վառարանները` եկեղեցի, դպրոց, միշտ վառ մնան, որովհետեւ այդ հաստատութիւններն են, որ պիտի կրնան մեզ անաղարտ հայ պահել: Ահա այս գիտակցութեամբ է որ պէտք է ամէն հայ մարդ գործակցի դպրոցին ի նպաստ եղած բոլոր ձեռնարկներուն»:
Արտասանութեան մէջ իրենց բաժինները բերին` Սիւզան Մկրտիչեան եւ Միսաք Ապաճեան: Այս բոլորէն զատ, տեղի ունեցան նաեւ խմբերգներ եւ պարեր, որոնք առաւել եւս բարձրացուցին տրամադրութիւնները:
Երեկոյթի վերջաւորութեան Ժ. Սարգիսեան եւ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի անդամները պատրաստակամութիւն յայտնեցին օժանդակելու Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան թատերախումբին, ինչպէս նաեւ` տալ ներկայացում մը, որուն հասոյթին կէսը պիտի յատկացուի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին, միւս կէսն ալ` Օգնութեան խաչին:
Գ.Ս.Կ.
Պէյրութ
Տոմսեր
Բողոքող Ուրուականը
Թուրքիոյ «խորհրդարանական» նոր կառավարութիւնը ընդունած է օրէնք մը, զոր կարելի է պատշաճօրէն կոչել` կախաղանի օրէնք:
Այլեւս կ՛արգիլուի քննադատութիւնը 1960-ի մայիսին կատարուած զինուորական ըմբոստութեան, որ իշխանութեան բարձրացուց զօր. Ճեմալ Կիւրսելը եւ կախաղան բարձրացուց այդ օրերու վարչապետ Մենտերեսը եւ քանի մը ընկերները, բանտ նետելով նաեւ մնացած մանր-մունր վարիչները:
Նոր օրէնքով կ՛արգիլուի, դարձեալ, քննադատութիւնը «Թուրքիոյ ժողովրդավար կարգերուն», որոնց պտուղը` օրուան կառավարութիւնը, չորս ամիսէ ի վեր գործի վրայ է, սակայն ժողովուրդը թշուառութեան մէջ մխրճելէ զատ, ուրիշ օգտակարութիւն ցոյց չէ տուած: Այնքան, որ նոյնիսկ բանակի զինուորականներէն ոմանք, որոնք մայիսի ըմբոստութիւնը ստեղծած էին, իրե՛նք ըմբոստացան վերջերս, փետրուար 22-ին, իրենց իսկ շարժման արդիւնքը եղող իշխանութեան դէմ…
Կը կապտուի նաեւ մամլոյ ազատութիւնը, որով այնքան պերճախօս կերպով կը բացատրուէր երկրին թշուառութիւնը:
Թերթերը գրեցին, ինչպէս ծանօթ է, որ Թուրքիոյ մէջ զրոյց կը շրջի, թէ կախաղան բարձրացած վարչապետ Մենտերեսի ոգին, սպիտակ ձիու մը վրայ հեծած, գիշերները կը պտտի երկրին մէջ` իր նախկին «արօտավայրերը» քննելով… Վերջին զրոյցի մը համաձայն, Մենտերեսի անհանգիստ ոգին կանգ առեր է օրուան վարչապետ Իսմեթ Ինէօնիւի դրան առջեւ եւ` հարցուցեր:
– Ինչո՞ւ զիս կախեցիք, որովհետեւ թոյլ չէի տար, որ զիս քննադատեն, այնպէս չէ՞:
– Իսկ դուք, ձեր նոր օրէնքով գրեթէ կ՛արգիլէք, որ քննադատուին ձեր ալ գործերը` իբրեւ «ժողովրդավար իշխանութեան»:
– Որքան կը յիշեմ Եասր-Ատայի մէջ զիս ամբաստանեցիք, որ մամուլի ազատութիւնը կը կապտէի եւ խմբագիրներ բանտ նետել կու տայի: Ձեր այս նոր օրէնքով դուք եւս նոյն սպառնալիքը կ՛ընէք ձեզ քննադատող խմբագիրներուն…
– …
– Ինծի համար ըսիք, թէ երկիրը անտեսած էի եւ` թշուառութեան մատնած: Թէեւ ոգի եմ, բայց ես ալ լուր ունիմ աշխարհի վրայ անցած դարձածէն: Այսօր մեր երկիրը շատ աւելի գէշ վիճակի մէջ կը գտնուի, քան` իմ կառավարութեանս շրջանին: Կրնա՞ք հակառակը փաստել:
– …
– Կը տեսնեմ, որ սիրելի՛ Ինէօնիւ, իմ եւ քու «տղայութիւնները» շատ տարբեր չեն: Կը մնայ միայն… մանկին պատմութիւնը. ան ալ քեզմէ չէ, որ պիտի ակնկալէր օփերայի երգչուհին, սա՛ ութսուն տարեկան վիճակիդ մէջ: Ուրիշ տարբերութիւն չկայ մեր միջեւ: Երկուքս ալ թուրք ենք, չէ՞…
ԳԻՍԱՒՈՐ

