Թաթուլ Յակոբեանի «Հայերը Մռաւից Արաքս» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Եւ Արցախի Վերաբնակեցման Աշխատանքներու Մասին Զեկուցում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, երէկ` երեքշաբթի, 20 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Նշան Փալանճեան» մշակութային տան մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ Ֆոնտ»-ի եւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած «Հայերը Մռաւից Արաքս» տեղեկատուական ժապաւէնի ցուցադրութիւն եւ զրոյց` «Արցախի ազատագրուած շրջաններու վերաբնակեցման ընթացքը» նիւթով: Զրոյցը վարեց ժապաւէնի հեղինակ, «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեան:

Հանդիպումին ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Յակոբ Տէր Ղուկասեան, որ ներկայացուց ձեռնարկին ու Արցախի առօրեային հետ կամրջուելու կարեւորութիւնը:

Ապա խօսք առաւ «Հայերը Մռաւից Արաքս» ժապաւէնի հեղինակ Թաթուլ Յակոբեան, որ նշեց, թէ ժապաւէնը նկարահանուած է ձմրան, ինչ որ առաւել եւս միջոց կը հանդիսանայ ներկայացնելու շրջանի բնակչութեան իրավիճակն ու դժուարութիւնները: Ան շեշտեց, որ Մռաւէն Արաքս անցած է շուրջ տասը անգամ եւ իւրաքանչիւր այցելութեան միշտ նորութիւններ տեսած է:

Յակոբեան շեշտեց, որ 1994-1996 թուականներուն շրջանին մէջ ապրող հայերը կը մտածէին գտնել պատեհ առիթը հեռանալու շրջանէն, մինչ այսօր բնակչութիւնը ինքզինք տեղացի կը զգայ ու օրըստօրէ կը կապուի հողին: Ան յայտնեց, որ Քարվաճառի, Նոր Գետաշէնի, Քաշաթաղի, Ծիծեռնավանքի եւ այլ շրջաններու բնակիչները կարիքը ունին համայն հայութեան հոգատարութեան, բարոյական եւ ֆիզիքական զօրակցութեան:

Թաթուլ Յակոբեան ըսաւ, որ հայութեան ամբողջական երազանքը կ՛իրականացուի, երբ նախ եւ առաջ ազատագրուած տարածքները կը պահպանուին: Ան շեշտեց, որ տեսերիզին մէջ կան խղճալի պատկերներ, այնուամենայնիւ, ինք իբրեւ մնայուն այցելու կը հաստատէ, որ այդ շրջաններուն մէջ յստակ ու ակներեւ զարգացում կայ, բարելաւում կայ:

Յակոբեանի զեկուցումէն ետք ներկաները դիտեցին «Հայերը Մռաւից Արաքս» տեղեկատուական ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէր Մռաւէն մինչեւ Արաքս երկարող շուրջ երկու հարիւր քմ երկարութեան վրայ ապրող հայութեան իրավիճակը, բնութեան գեղեցկութիւնն է գիւղերու բնակիչներու, դպրոցներու տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ հովիւներու վկայութիւններն ու կարծիքները: Գիւղացիներու տեսակէտները յստակօրէն կ՛ամրագրէին, թէ հայերը հաստատակամօրէն կառչած պիտի մնան հայրենի հողին:

Տեսերիզի ցուցադրութեան յաջորդեց զրոյց, որուն ընթացքին Թաթուլ Յակոբեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն` փոխանցելով յաւելեալ լուսաբանութիւններ:

Յակոբեան ըսաւ, որ հողը կը պահուի իր բնակիչներով, եւ այսօր Արցախը պահպանելու մարտահրաւէր գոյութիւն ունի: Ան շեշտեց, որ Արցախի մէջ տարուած վերաբնակեցման աշխատանքները գնահատելի են, սակայն աւելցուց, որ այդ ճիգերը բաւարար չեն, այլ պէտք է յաւելեալ թափով զարկ տալ գործունէութեան, որպէսզի որոշակի յառաջընթացը շարունակուի:

 

Share this Article
CATEGORIES