Զօր. Լահուտ Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը արդէն իսկ մօտեցած է իր բարի աւարտին` աւելցնելով, որ Սուրիոյ ներքին ապահովական կայունութիւնը հարուածելու արտաքին ջանքերը եւ ծրագիրները ձախող դուրս պիտի գան:
Ալի շեշտեց, որ սուրիական իշխանութիւնները ճիգ չեն խնայեր Սուրիոյ մէջ գտնուող ապօրինի զինեալները եւ ահաբեկիչները հալածելու ու ձերբակալելու առումով: Ան նշեց, որ այդ զինեալները Սուրիա գործուղուած են միջազգային եւ շրջանային պետութիւններու եւ ուժերու կողմէ:
Ալի նկատել տուաւ, որ քաղաքական այն ուժերը, որոնք զինած են սուրիական ընդդիմութիւնը, մեկուսացած են:
CATEGORIES Լիբանանեան

