Տուէյհի. «Մենք Փոփոխութեան Դէմ Չենք»

Ազատ եւ Միասնական Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը կը գտնուի Աւստրալիա, դրուատեց Աւստրալիոյ մէջ Լիբանանի հիւպատոս Ռոպեր Նաումի ջանքերը` լիբանանեան գաղութին կեցուածքները միացեալ պահելու եւ այդ գաղութին զաւակներուն միասնականութիւնը պահպանելու առումով:

Տուէյհի յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած զարգացումները «Արաբական գարուն» չեն կոչուիր, այլ` քաղաքական արտաքին օրակարգեր, որոնք յստակ նպատակներ ունին շրջանին մէջ:

«Մենք` իբրեւ քրիստոնեայ լիբանանցիներ, դէմ չենք փոփոխութեան եւ բարեկարգումին, ընդհակառակն` մենք կը զօրակցինք երկրին ազատութեան, ժողովուրդի մը ազգային ինքնորոշման իրաւունքին եւ ժողովրդավարութեան: Բայց եւ այնպէս համոզուած ենք, որ ծայրայեղութեամբ կարելի չէ ժողովրդավարութիւն հաստատել», ըսաւ ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES