Մոսկուայի Մէջ Մանսուր – Լաւրով Հանդիպում
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր Ռուսիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մանսուր շեշտեց, որ աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, որ կրնայ իր սահմանները հարիւր առ հարիւր անձեռնմխելի պահել:
Ան նշեց, որ անպայման կ՛արձանագրուին բացթողումներ, ինչպէս` մաքսանենգում, ապօրինի կերպով սահմաններու անցում եւ այլն:
«Նոյնն է պարագան Լիբանանի եւ Սուրիոյ, սակայն լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը կրցած են սահմանները իրենց հակակշիռին տակ առնել եւ արգիլել այդ շրջանին մէջ զինեալներուն գոյութիւնն ու կատարուած զէնքի մաքսանենգումը», ըսաւ Մանսուր:
Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին առումով Լիբանան կը բաժնէ Ռուսիոյ տեսակէտը, եւ կոչ ուղղեց Սուրիոյ իշխանութիւններուն իրականացնելու բարեկարգումները եւ վերահաստատելու երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Մանսուր հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան կտրականապէս կը մերժէ Սուրիոյ տագնապը լուծելու համար զինուորական տարբերակին դիմելու հաւանականութիւնը:
Իր կարգին, Լաւրով յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցին առումով Ռուսիա եւ Լիբանան համակարծիք են:
Լաւրով նկատել տուաւ, որ Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան թռիչքները մերժելի են, որովհետեւ անոնք լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւններ են:
Լաւրով շեշտեց նաեւ Լիբանանէն Սուրիա զինեալներու թափանցելու իրականութիւնը հակակշիռի տակ առնելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով նաեւ, որ պէտք է դէպի Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել` վերջ տալով բոլոր բռնարարքներուն: