«Բանակին Դէմ Ցեխարձակումներ Կատարողները Ուղղակի Առնչուած Են Բանակի Բացայայտած Ահաբեկչական Ցանցին» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ համախմբումին համաձայն, լիբանանեան բանակին դէմ ցեխարձակումներ կատարող կողմերուն եւ բացայայտուած ահաբեկչական ցանցին միջեւ կապեր նշմարուած են:
Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դէմ ուղղուած փտածութեան ամբաստանութիւններուն` զօր. Աուն ըսաւ. «Անոնք կը փորձեն մեզ քարկոծել, սակայն անկարելի պիտի ըլլայ մեզի հասնիլը»:
Ելեկտրականութիւն հայթայթող նաւերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն նշեց, որ իրենք համոզուած էին, թէ այդ հարցը աւարտած է, սակայն այդ թղթածրարին շուրջ քննարկումները շարունակելու երեւոյթը վատ տպաւորութիւններ կը ձգէ:
Նախորդ կառավարութիւններուն կողմէ մսխուած գումարներու ելեւմուտքի հաշուեկշիռին մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն յայտնեց, որ անհրաժեշտ է այդ հաշուեկշիռը թափանցիկ թիւերով պատրաստել:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց Աքուրայի քաղաքապետական խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` ընկերակցութեամբ համախմբումի անդամ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Աքուրայի կարիքները, ինչպէս նաեւ ազգային համերաշխութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:



