Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Տէյվիտ Քոհենը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ահաբեկչութեան եւ տեղեկահաւաքի հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Տէյվիտ Քոհենը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան գործավար Ռիչըրտ Միլզի:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու ընդհանուր տնօրէն Փերոն Լեվալ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ քննարկեց լիբանանեան-շուէտական յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Զիատ Մաժալին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Հանդիպումը եղաւ առիթ մը` քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Վարչապետին այցելեց նաեւ ազատ առեւտուրի պատասխանատուներու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով խօսք առաւ Լիբանանի դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Զիատ Նասսուր: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանանը կարիք ունի լուծելու որոշ հարցեր, որոնք անմիջական են եւ չեն կրնար Միջին Արեւելքի տագնապին լուծման սպասել:
Վարչապետարանին մէջ Միքաթի նախագահեց Թաղապետերու միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութիւնը մօտէն պիտի հետեւի թաղապետերուն կարիքներուն եւ անոնց պիտի շնորհէ իրենց իրաւունքները: