Նոր Զոհ` Սահմանային Դիրքերուն Վրայ
Հայաստանի Տաւուշի մարզի սահմանային դիրքերուն վրայ երէկ արձանագրուեցաւ հակառակորդին կողմէ զինադադարի խախտման հերթական դէպքը, որուն պատճառով զոհուեցաւ զինուոր մը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի զինեալ ուժերու N զօրամասի մարտական յենակէտին վրայ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն վիրաւորուեցաւ զինուոր Արտակ Շահբազեան: Զայն տեղափոխեցին Նոյեմբերեանի հիւանդանոց, ուր 5 վայրկեան ետք մահացաւ:
Արտակ Շահբազեան Արարատ քաղաքի բնակիչ էր:
Դէպքին առնչութեամբ կը կատարուի հետաքննութիւն:
CATEGORIES Հայկական

