Սեն Ժոզեֆի Միջազգային Համալսարաններու 3-րդ Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

Երեք օրերու վրայ երկարած Սեն Ժոզեֆի միջազգային համալսարաններու 3-րդ մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան վերջին` աւարտական հանգրուանի մրցումները: 15-19 մարտին Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած այս խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 երկիրներ` Ասիայէն, Եւրոպայէն եւ Ափրիկէէն:

Ըստ կազմակերպիչ համալսարանին, այս մրցաշարքը նախորդ երկուքին բաղդատած եղաւ շատ աւելի յաջող, մանաւանդ որ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն թրիպիւնները եղան բաւական խճողուած:

Ինչ կը վերաբերի արձանագրուած արդիւնքներուն, տղոց ֆութսալի մրցաշարքին տիրացաւ Պելկրատի համալսարանը, որ աւարտականին յաղթեց Շարք Մութաուասսեթի (Հիւսիսային Կիպրոս)` 3-1 արդիւնքով: Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, որ յաղթեց Պելկրատի համալսարանին:

Աղջկանց հենտպոլի տիտղոսին տիրացաւ Քոնսթանզ (Գերմանիա), որ աւարտականին յաղթեց Սեն Ժոզեֆի, իսկ տղոց տիտղոսին տիրացաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, որ յաղթեց Սեն Ժոզեֆի:

Վոլիպոլի մրցումներուն, տիտղոսին տիրացան Սեն Ժոզեֆ (աղջիկներ) եւ Պելկրատ (տղաք):

Տղոց պասքեթպոլի մրցումներուն տիտղոսակիր հանդիսացաւ սուրիական խումբը, որ յաղթեց Տուպայի ամերիկեան խումբին, իսկ աղջկանց տիտղոսակիր հանդիսացաւ Քասլիքի Ս. Հոգի խումբը` յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով:

Աղջկանց թենիսի տիտղոսակիր դարձաւ Քիմ Սատտի (Լիբանանեան ամերիկեան համալսարան-Ժիպէյլ):

Փինկ փոնկի մրցումներուն տիտղոսակիր դարձան Սերպիոյ տղոց եւ աղջկանց խումբերը:

Տղոց վազքի մրցումներուն առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին Սեն Ժոզեֆի տղաքը, իսկ աղջկանց պարագային առաջին հանդիսացաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն Ֆարահ Մասրի:

Վերջապէս, մարզական հարցումներու մրցանքին առաջին հանդիսացաւ Սերպիա-3 խումբը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES