Սպանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Լիոնել Մեսսի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Պարսելոնա հիւրընկալեց Կրանատան (15-րդ):
Նախքան մրցումը տեղի ունենալը, շատերու համար հարցական էր, թէ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի պիտի յաջողի՞ կոտրել ակումբին ֆութպոլի պատմութեան մրցանիշը, որ հաստատուած էր 60 տարի առաջ, երբ Սեզար Ռոտրիկես 1940-1950-ականներուն նշանակած էր 232 կոլ:
24 տարեկան Մեսսի երէկուան մրցումին 17-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակելով հաւասարեցաւ այդ մրցանիշին, իսկ 67-րդ վայրկեանին այլ կոլ մըն ալ նշանակելով յաջողեցաւ հաստատել նոր մրցանիշ մը` Պարսելոնայի ֆութպոլի պատմութեան մէջ:
Այս երկրորդ կոլը Մեսսիի համար այս տարեշրջանի 53-րդ կոլն էր` բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն ընթացքին:
Շարունակելով իր կոլերու փառատօնը, ան 85-րդ վայրկեանին հեթրիք մը իրագործեց` այլ գլխացաւ մը պատճառելով մրցակից կազմին:
Ի վերջոյ, 93-րդ վայրկեանին, իրաւարարին սուլիչին հետ աւարտեցաւ կոլերով հարուստ այս մրցումը` ի նպաստ Պարսելոնայի 5-3 արդիւնքով: