Ժիւտօ. Հայաստանի Պատանիները Որեւէ Մետալի Չտիրացան
«Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի պատանիներու Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքին Հայաստանի մարզիկները որեւէ մետալի չյաջողեցան տիրանալ:
Այս մասին «Արմենպրես»-ին տեղեկացուցած է Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ, ողիմպիական Ա. կարգի միջազգային իրաւարար Դաւիթ Խիթարեան:
Շահէն Աբգարեան (50 քկ) եւ Յարութիւն Տերմիշեան (55 քկ) իրենց դասակարգի մրցումներուն մէջ գրաւեցին 5-րդ դիրքը:
Մրցաշարքին յաղթական հռչակուեցաւ Ռուսիան ներկայացնող Կարլեն Պալեան (90 քկ):
CATEGORIES Մարզական