ՔՈՆԿ ՖՈՒ – ՈՒՈՒ-ՇՈՒ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Այսօր Կը Մեկնի Փորթուգալ
Այսօր Փորթուգալ կը մեկնի Լիբանանի քոնկ ֆու – ուու շուի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 22-25 մարտին տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքի մը:
Նշենք, որ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Լիբանանի հաւաքականին մաս կազմող երկսեռ մարզիկները բանակում մը կատարեցին Սանթրալի դաշտին վրայ` այս մրցաշարքին լաւապէս պատրաստուելու համար:
Ստորեւ կու տանք Փորթուգալ մեկնող լիբանանեան պատուիրակութեան կազմը.
Պասսամ Նոհրա (նախագահ), Թոնի Լաթիֆ (պատասխանատու), Շարպել Հատտատ, Էլիօ Պաայնօ, Ժոզեֆ Մաթար, Էտի Նատեր, Վենսան Ֆախրի, Էլիաս Ղոսէյն, Ճենիֆըր Քարամ, Սթեֆանի Հաժ եւ Տոլլի Ղոսէյն (մարզիկներ):
CATEGORIES Մարզական

