Թենիս. «Տէյվիս Քափ» 6-8 Ապրիլին` Արժանթին – Խրուաթիա

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջէն կ՛իմանանք, որ յառաջիկայ 6-8 ապրիլին Պուենոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) տեղի պիտի ունենայ Արժանթին – Խրուաթիա թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումը:

Արժանթինի կազմին մէջ են Դաւիթ Նալպանտեան, Խուան-Մարթին Տել Փոթրօ, Խուան Մոնաքօ եւ Էտուարտօ Շուանք: Մարզիչն է Մարթին Հայթեն, իսկ պահեստի մարզիկը` Խուան-Իկնասիօ Շելա:

Ըստ թենիսի մասնագէտներու, կը կարծուի, որ օգտուելով իր դաշտին վրայ կատարելիք եւ իր համակիրներուն ներկայութեան տեղի ունենալիք այս մրցումէն, դաշտին տէրը ըլլայ յաղթականը:

 

Share this Article
CATEGORIES