Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւն. Հայրենի 10 Վարպետները Առանց Պարտութեան Սկսան Մրցաշարքին

Երէկ, Փլովտիւի մէջ (Պուլկարիա) սկսաւ Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական 13-րդ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:

Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 10 վարպետները առանց պարտութեան սկսան մրցաշարքին: Անոնցմէ վեցը յաղթանակ արձանագրեցին, իսկ չորսը հաւասարութիւն: Միակ պարտութիւն կրողը եղաւ Վլատիմիր Պօղոսեան:

Յաղթանակ արձանագրող վարպետները եղան Սամուէլ Տէր Սահակեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Արման Փաշիկեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Զաւէն Անդրէասեան, իսկ հաւասարութիւն արձանագրողները` Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Յովհաննէս Կապուզեան եւ Տիգրան Լ. Պետրոսեան:

Այսօր տեղի ունենալիք Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Սարգսեան եւ Կապուզեան իրարու դէմ պիտի մրցին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES