50 Տարի Առաջ ( 22 մարտ 1962 )

Մեծ Յեղաշրջում Ինքնաշարժի Աշխարհին Մէջ

Ճեթ Շարժակով Կառքեր Շինուեցան,
Որոնք Քարիւղով Կ՛Աշխատին

Յառաջիկայ ապրիլին Նիւ Եորքի մէջ պիտի բացուի ինքնաշարժի ցուցահանդէս մը: Կասկած չկայ, որ այցելուները ամէնէն աւելի պիտի հետաքրքրէ ճեթ շարժակով ինքնաշարժը, որ առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի:

Բ. Աշխարհամարտէն ետք, ինքնաշարժի գործարանատէրերը սկսան աշխատանքներ կատարել ճեթ շարժակով ինքնաշարժներ շինելու համար: Այս շարժակները սովորական շարժակներէն աւելի զօրաւոր եւ աւելի խնայողական պիտի ըլլային: Օրինակ` մէկ կալոն քարիւղով 25 քիլոմեթր ճամբայ պիտի կտրէին:

Այս աշխատանքները տուին իրենց արդիւնքը եւ կարգ մը գործարաններ շինեցին այս տեսակ ինքնաշարժներու մէկ քանի շարժակներ: Անգլիա եւ Ամերիկա նոյնիսկ սկսան մրցիլ այս մարզին մէջ: Ցարդ շինած նախատիպարները շատ հեռու էին գործնական  ըլլալէ: Ամէնէն մեծ անպատեհութիւնն էր շարժակներէն հանած մեծ աղմուկը, ասկէ զատ, շարժակներէն ելած տաք կազերը վտանգաւոր էին անցորդներուն համար:

Անգլիոյ «Ռովըր» ինքնաշարժի գործարաններու ճարտարագէտները կը պնդեն, թէ տասնհինգ տարուան աշխատանքէ մը ետք յաջողած են շինել ճեթ ինքնաշարժը, որ զերծ է վերոյիշեալ անպատեհութիւններէն: Այս ինքնաշարժը պիտի ղրկեն Նիւ Եորքի ցուցահանդէսը եւ իրենց յառաջացած թեքնիքին ապացոյցը պիտի տան:

Նոր «Ռովըր» ինքնաշարժի քարիւղի թիւլպինով շարժակը 140 ձիու ուժ ունի, կառքին չորս անիւներն ալ անկախաբար կը դառնան: Այս ինքնաշարժին մասին ուրիշ որեւէ տեղեկութիւն չի տրուիր: Մանրամասնութիւնները պիտի հրատարակուին ցուցահանդէսէն ետք:

«Ռովըր» հաստատութիւնը 1956-ին ալ նախատիպար մը ցուցադրած էր: Այս ինքնաշարժը ժամական 180 քիլոմեթր արագութիւն ունէր:

Ճարտարագէտները կը յայտնեն, թէ նոր ինքնաշարժը աւելի մեծ արագութիւն մը պիտի ունենայ: Ցուցահանդէսի ընթացքին, եթէ տեսնուի, թէ ճիշդ են անգլիացի ճարտարագէտներուն պնդումները, այս տիպի ինքնաշարժներու մեծաքանակ արտադրութեան պիտի ձեռնարկուի: Այդ պարագային մեծ յեղաշրջում մը պիտի կատարուի ճարտարարուեստին մէջ:

Անշուշտ տակաւին յայտնի չէ, թէ ի՛նչ պիտի արժէ ճեթ ինքնաշարժը:

Միւս կողմէ, ամերիկացիք ալ աշխատանքներ կը կատարեն ճեթ ինքնաշարժներու վրայ, սակայն առայժմ որեւէ տեղեկութիւն չեն հրապարակեր: Կասկած չկայ, որ անոնք ալ ապրիլին պիտի ցուցադրեն իրենց արտադրութիւնները:

 

Հայկական Կեանք

Շնորհակալական Նամակ Օգնութեան
Խաչի
Շրջանային Վարչութեան

Օգնութեան խաչի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը հետեւեալ շնորհակալական նամակը ստացած է հայ կոյրերու եւ խուլ-համրերու հաստատութեան տնօրէնութենէն.

Ազնուաշուք տիկնայք,

Անհուն հաճոյքով կը գրեմ սոյն տողերը` հաստատութեանս կողմէ խորին շնորհակալութիւն յայտնելու պատ. վարչութեանդ այս Բարեկենդանի կիրակի օրուան առիթով մեր պատսպարեալները յիշելնուդ համար: Ինչպէս ուրիշ անգամներ, այս տարի եւս վայելեցինք ձեր բերած համեղ լեհմեճունը, փախլաւան, նաեւ` քամուած մածունը եւ նարինջը: Այս օրինակելի ժեսթին ու վեհ զոհաբերումին համար, մեր սրտերը ջերմ երախտագիտութեամբ կը լեցուին: Թէ՛ մեր պատսպարեալները եւ թէ ալ մենք սրտանց կ՛աղօթենք, որ մեր բարերար հայրն ալ ձեզի վարձահատոյց ըլլայ ձեր ազնիւ խորհուրդին ու բարեսիրութեան փոխարէն:

Մաղթելով ձեր բարեխնամ միութեան յաջողութիւն եւ բարգաւաճում:

Մնամ յարգանօք Ձերդ,

ՔԱՐԼ ՄԱՅԸՐ
Տնօրէն

 

Եդ. Չափրաստի Տիւրան Եւ ՏիւրանԸ
Պուրճ
Համուտի Մէջ Երկու Հազար
Հանդիսականներու
Ներկայութեամբ

Հայ կեանքին մէջ դաստիարակիչ մեծ դեր է ունեցած թատրոնը, որուն բերած պատգամը ուղղակի կ՛երթայ ներկաներու հոգիին ու մտքին: Մասնաւորաբար հայ թատրոնի հանդէպ մեր խանդավառութիւնը փաստած ենք սփիւռքի մեր պայմաններու մէջ, բայց այն ներկայացումը, որուն ներկայ եղանք չորեքշաբթի, 14 մարտին, հայաշատ այս շրջանին մէջ, թատրոնին եւ անոր արժանաւոր ներկայացուցիչ Եդ. Չափրաստին հանդէպ հայութեան խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուց: 5-րդ անգամ մեզի հրամցուած այս ներկայացումը ոչ միայն խրախուսիչ էր այլ եւ առիթ մը` փաստելու նաեւ Պ. Համուտի հայութեան սէրն ու հետաքրքրութիւնը դէպի ազգային ամէն շարժում:

Պիտի չխօսինք ներկայացման եւ դերակատարներու այլապէս յաջող կատարման մասին` զայն թողլով ժողովուրդին եւ մամուլին, որ արդէն ժամանակին իր գնահատանքն ու քաջալերութիւնը չզլացաւ, բայց կ՛ուզենք մասնաւորապէս շեշտել, թէ ԼՕԽաչի Նոր Մարաշի ժրաջան վարչութիւնը, գիտակից ձեռնարկին տարողութեան եւ դաստիարակիչ դերին, շաբաթներու սքանչելի աշխատանքով կրցած էր անթերի կերպով գլուխ հանել այս ներկայացումը, որ բացառիկ պարագայ մըն է հայ թատերական կեանքին մէջ իր կազմակերպչական աշխատանքով մանաւանդ:

Մեր գնահատանքի խօսքը ունինք դերասան Եդ. Չափրաստի, որ անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, թէ ինք Կ. Պոլսէն մինչեւ հեռաւոր Ամերիկա, Եւրոպա, Պարսկաստան եւ Մերձ. Արեւելք  յիսուն երկար տարիներէ ի վեր վառ կը պահէ հայ թատրոնի ջահը: Գնահատանքի խօսք ունինք թատերախումբի տղոց եւ մանաւանդ` վերստին Պուրճ Համուտի հայութեան, որուն անվերապահ սիրոյ եւ հետաքրքրութեան շնորհիւ այս գեղեցիկ ձեռնարկը որպէս երեւոյթ հայ թատերական պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի:

Իսկ իր կարգին Եդ. Չափրաստ տեսաւ ու հաւատաց, որ իր շուրջ հաւաքուած հայ արուեստով խանդավառ տղաք փորձառութեան շունչին տակ կրնան հրաշքներ գործել: Հայութիւնը ուրեմն արդարօրէն կը սպասէ ստեղծումին երդուեալ սերունդի մը ինչպէս գրականութեան նոյնպէս եւ թատերգութեան մէջ:

ՎԱՉԷ

 

Share this Article
CATEGORIES