Գաղութէ – Գաղութ

Ատրպատական

Ձեռնարկներ

Ատրպատականի հայոց թեմի հայկական դպրոցներու տեսչութեան հետ համագործակցաբար, Մեծ պահքի եկեղեցական արարողութիւններուն գործօն մասնակցութիւն կը բերեն դպրոցական աշակերտները:

Մեծ պահքի առաջին կիրակիէն սկսեալ Թաւրիզի հայկական դպրոցներու աշակերտ-աշակերտուհիները հերթաբար տուեալ կիրակի օրուան խորհուրդը ներկայացնող գրաւոր իրենց աշխատանքը ներկայացուցին, եւ կը շարունակեն ներկայացնել Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, քարոզէն անմիջապէս առաջ, հաւատացեալներուն բացատրելով այն անունը, որով կը կոչուի այդ կիրակին:

Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան կը փոխանցէ օրուան պատգամը: Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ բարձրօրէն գնահատեց Թաւրիզի հայկական դպրոցներու տեսչութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան աշակերտութեան` մղելով զանոնք մասնակից դառնալու եկեղեցւոյ կեանքին:

4-6 մարտին առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցան հանդիպումներ թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ տոքթ. Մկրտիչ Թումանեանին հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցան    առկայ հրատապ հարցերը եւ անոնց գործնական տնօրինումները: Նշենք, որ ատենապետը նաեւ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեանին հետ:

 

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

ՀօմԻ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց
Մասնաճիւղի
Հիմնադրութեան Նշում

Վերջերս Շարժայի «Փիեռ Քէօսէեան» սրահին մէջ ՀՕՄ-ի Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մասնաճիւղը նշեց իր հիմնադրութեան առաջին տարեդարձը:

Մասնաճիւղի ատենապետ Սալբի Աբէլեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի ազգանուէր գործունէութեան եւ շեշտեց անոր կարեւորութիւնը եւ դերակատարութիւնը յատկապէս սփիւռքի մէջ, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կ՛անդրադառնար ՀՕՄ-ի գործունէութեան` աշխարհի տարածքին եւ մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ:

Երեկոյի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք Թամար Գաւլաքեան կարդաց Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ողջոյնի խօսքը` ուղղուած ՀՕՄ-ի Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մասնաճիւղին, որուն մէջ մեծապէս կը գնահատէր ՀՕՄ-ի աշխատանքները` իր հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ այսօր եւ կ՛անդրադառնար անոր տարած բարեսիրական,  կրթական եւ ընկերային ծառայութիւններուն:

 

Քուէյթ

Քուէյթի Ազգային Վարժարանին
Աւանդական
Քերմեսը

Կազմակերպութեամբ Քուէյթի Ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան եւ վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան, Քուէյթի անկախութեան եւ ազատագրումի զոյգ տօներուն առթիւ, 23-24-25 փետրուարին տեղի ունեցաւ աւանդական քերմեսը:

2000 անձեր ներկայ գտնուեցան քերմեսին, որ տեղի ունեցաւ բաւական խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Գահիրէ

Եգիպտահայերը «Սփիւռքի» Երեւակայական
Թանգարանին
» Մէջ

Եգիպտահայ գաղութը, իբրեւ մէկ մասնիկը աշխարհասփիւռ հայութեան, տեղ գրաւած է «Հայկական սփիւռքի երեւակայական թանգարան» www.armdiasporamuseum.com կայքէջին մէջ, որ լոյս սկսաւ տեսնել 13 մարտին` նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան:

Եգիպտահայ գաղութը ընդգրկուած է «Ափրիկէ» ցամաքամասին մէջ, իր կողքին ունենալով` Եթովպիան, Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, Հարաւ. Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, Մարոքը, Նիկերիան եւ Սուտան:

Ծրագրի իրականացումով սփիւռքի Նախարարութինը նպատակ ունի տարածել հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, մշակութային ժառանգութիւնն ու նուաճումները:

Կայքին կարգախօսն է` «Հայերը մէկ ազգ են` անկախ բնակութեան վայրէն- եւ բոլոր հայերուն հայրենիքը Հայաստանն է»:

 

Չեխոսլովաքիա

Դեսպան Սէյրանեանի Հանդիպումը
Չեխիոյ
Հանրապետութեան
Առողջապահութեան
Նախարարին Հետ

12 մարտին Չեխիոյ Հանրապետութեան մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Սէյրանեան հանդիպում ունեցաւ Չեխիոյ Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Լէոշ Լեկերի հետ, որ համոզմունք յայտնեց, որ Չեխիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Հայաստանի մէջ Չեխիոյ դեսպանութեան մօտալուտ բացումը կարեւոր խթան կը հանդիսանան երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան առողջապահութեան ծիրին մէջ հայ-չեխական համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցեր, յատկապէս բժշկագիտութեան տարբեր մարզերու մասնագէտներու համար փորձի փոխանակման ծրագիրներու կազմակերպման, առողջապահութեան կազմակերպման եւ կառավարման, բժշկական ապահովագրութեան  համակարգի ներդրումի ծիրին մէջ:

ԼԷոշ Լեկեր հաստատեց, որ Չեխիոյ առողջապահութեան համակարգին մակարդակը մօտեցած  է Եւրոպայի լաւագոյնը համարուող գերմանական, ֆրանսական եւ զուիցերիական համակարգերուն:

Հանդիպումին ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան մէջ հայ-չեխական համագործակցութեան զարգացման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:

 

Ֆրանսա

Գէորգ Հաճեանի Փարիզեան Համերգը

Ֆրանսայի նորաստեղծ «Մուսա Լեռ» Միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ Գէորգ Հաճեանի Փարիզեան համերգը:

Հինգշաբթի, մարտ 1-ի երեկոյեան, Փարիզի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ մայր տաճարին մէջ առաջին անգամ ըլլալով Փարիզի արուեստասէր հանրութիւնը հանդիպեցաւ Գէորգ Հաճեանին եւ անոր նուագակցող Այտա Պարամիծէին: Ծագումով վրացի ըլլալուն, հարկ եղաւ թարգմանիչի օգնութեան մէկ ժամեայ փորձ կատարելու:

Համերգը ընթացաւ Գէորգի ձայնի եւ Այտայի դաշնամուրի կատարեալ ներդաշնակութեամբ: Կատարուեցան երգեր Կոմիտասէն եւ Դանիէլ Երաժիշտի գործերէն:

Ընդհատելով ծրագրի ընթացքը` Գէորգ Հաճեան ցանկացաւ կատարել, ծրագրի մէջ չնախատեսուած, ԱՊՐԻԼԻ  24 «Լա մինոր» երգը, առ ի բողոք  երկու օր առաջ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի տխրահռչակ որոշման: Այս երգը առաջին անգամ հնչած էր Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին առիթով, Գէորգ Հաճեանի կատարմամբ (խօսք` Էդ. Մեժելայտիս, երաժշտութիւն` Դ. Երաժիշտ): Հայ ժողովուրդի եղեռնական վշտին նուիրուած «Լա մինոր» երգին խորհուրդը, լա մաժոր առաջնորդող լուսաւոր տեսլականն է:

Ներկայ մը` Մեսրոպ Խոշմաթլեան, յաջորդ առաւօտ կը գրէ.

«Անմոռանալի երեկոյ մը, որ յիշատակելի է մնալու երկար ժամանակ…»:

Այս մեղեդիները իրենց հայկական շեշտաւորմամբ անմիջապէս բարձրացան տիեզերականութիւն` շնորհիւ Հաճեանի եւ Պարամիծէի հոգենորոգ կատարման:

Առաջին իսկ պահուն, երանգը տրուած էր… Աղօթք` երգուած ձայնի կատարեալ վարպետութեամբ, մատուցուած կարգաւ եւ թաւշեայ հնչականութեամբ, «խորիմաց» կամ «ծանրոլոր» ըստ բնագրի կենդանի պահանջին:

Երգը կը ցայտէր բառերէն, տառերէն` տարածելով իր իւրայատուկ գոյները, յառաջացնելով խուրձ մը հնչուն երանգներ, լուսաճաճանչ եւ մոգական: Խօսք կամ երաժշտութիւն, երաժշտութիւն կամ խօսք. այստեղ բառ եւ երաժշտութիւն սերտօրէն հանգուցուած են` առանց քակուելու զօրութեան…

Ձայնի իրաւացի վարպետութիւնը կը վսեմացնէր այս «մանրաշխարհ» բացատրութիւնը: Բիւրեղեայ պայծառութիւնը (յատկապէս եկրորդ մասով) եւ անդեդեւ բխումը, հետեւելով զգօն յուզմունքին, կը հաղորդէին ամբողջութեան վերացումն ու հարազատ միաձուլումը: Այստեղ արուեստը կը թաքցնէր արուեստը:

Բծախնդիր աշխատանքով ամրացած տաղանդ մը, իրեն կու տար անշեղ վստահութիւն:

Զգացողութիւնն ունէի, որ ԿՈՄԻՏԱՍ-ը մեզի հետ էր. Իր երաժշտութիւնը այնքան բարձր մատուցուեցաւ` շնորհիւ երկու արուեստագետներու համատեղ աշխատանքին:

Վստահեցուցէք «Ապրիլ 24»-ի հեղինակին, որ ամբողջ երեկոն դրոշմուած էր ԼԱ ՄԱԺՈՐ խորհուրդով:

…Տաճարի հոգեշունչ քաղցրութեամբ ներկաները հաղորդակից դարձան հայ երաժշտութեան բարձրարժէք հարստութեան:

 

Հոլանտա

«Սուրբ Սերվատես Հայը» Խորագրով
Սիմփոզիում
Մաասթրիխթում

Նախաձեռնութեամբ «Անի» կազմակերպութեան, 10 մարտին Մաասթրիխթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրբ Սերվատես հայը» խորագրով ձեռնարկ` նուիրուած սուրբ Սերվատեսի յիշատակին:

Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ սուրբ Սերվատեսի ժառանգութեան` որպէս հոլանտական հասարակութեան մէջ քրիստոնէութեան եւ քրիստոնեայ արժէքներ տարածողի, հայ-հոլանտական կապերու սկզբնաւորման ու հետագայ տարածման, հայկական համայնքի ձեւաւորման եւ հոլանտական պատմութեան մէջ ունեցած դերակատարութեան, ներկայիս հայկական համայնքի մէջ իր ունեցած դերակատարութեան ու նշանակութեան:

Նախարար Խերթ Լիրսն, իր կարգին խօսք առնելով, անդրադարձաւ հոլանտական հասարակութեան մէջ հայ համայնքի ներդրումին եւ ներկայ հարցերուն: Անոր նուիրեցին տոքթ. Եւադեանի հեղինակած «Սուրբ Սերվատես հայը» գիրքի առաջին օրինակը:

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան տոքթ. Ռեկիս տէ լա Հայեն, տոքթ. Մաքսիմ Եւադեան (Լիոնի համալսարան), տոքթ. Թէօ ֆան Լինթ (Օքսֆորտի համալսարան), տոքթ. Ժոզեֆ Վայտենպերկ (Լէյտենի համալսարան), տոքթ. Հերման Թիւլեն (Նայմեխենի համալսարան), որոնք անդրադարձան սուրբ Սերվատեսի կեանքի եւ ծագումնաբանութեան շուրջ ուսումնասիրութիւններուն, հայ գրականութեան, Հոլանտայի հայ համայնքի պատմութեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու հարցերու ներկայացման: Հայ բանաստեղծներու գործերու թարգմանութեամբ ելոյթ ունեցաւ տոքթ. Անթոնի Հոլսլախ:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր:

 

Անգլիա

Նոր Ժապաւէն Արշիլ Կորքիի Մասին

Բեմադրութեամբ Արշիլ Կորքիի թոռնուհի Քոզիմա Սփենտըրի, Անգլիոյ մէջ ցուցադրուեցաւ «Առանց Կորքիի» վաւերագրական ժապաւէնը: Հայ գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի կեանքը պատմող այս ժապաւէնին մէջ արուեստագէտին մասին իրենց յուշերը կը պատմեն Կորքիի կողակից`

91-ամեայ Ագնէս Մակրուտերը (Մուկուչ) եւ դուստրերը` Մարօ եւ Նաթաշա Կորքի:

Ժապաւէնի բեմագրութիւնը կը պատկանի Քոզիմա Սփենտըրի, որ Մարոյին դուստրն է: Կորքիի արուեստի ներշնչումի աղբիւրը հանդիսացած Մուկուչ կը պատմէ Կորքիի հետ անցուցած իր կեանքի այն հանգրուանին մասին, ուր ուրախութեան պահերուն զուգահեռ, գոյութիւն ունեցած են թախիթի եւ մարդկային փոխ յարաբերութիւններու խախտումի բեկումնային պահեր:

Թոռնուհի Քոզիմայի ոսպնեակին դիմաց Մուկուչ, Մարօ եւ Նաթաշա կը վերակենդանացնեն ամուսին եւ հայր Կորքիի հետ իրենց յուշերը: Ժապաւէնին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուին Կորքիի ընտանեկան արխիւին պատկանող լուսանկարներ, իսկ ժապաւէնին բարձրակէտը կը հանդիսանայ Կորքիի ծննդավայր Խորգոմի յատկացուած բաժինը:

Հայոց Մեծ եղեռնի դառնութիւնները ճաշակած Արշիլ Կորքի, ամերիկացի Ագնէս Մակրուտերի հետ ամուսնացած է 1941-ին եւ բախտաւորուած` 2 դուստրերով: Եօթը տարուան ընտանեկան իր կեանքի ժամանակաշրջանի վերջին տարիները ճակատագրական դժբախտութիւններու շարան մը կը հարուածեն արուեստագէտը: 1946-ին Միացեալ Նահանգներու Քընեթիքեթ նահանգի իր արուեստանոցին մէջ ծագած հրդեհ մը կ՛ոչնչացնէ իր արուեստի գործերուն լաւագոյն ընտրանին հանդիսացող 27 ստեղծագործութիւններ: 1948-ին ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով կ՛անդամալուծուի իր պաստառներուն վրայ գոյներուն կեանք տուող ստեղծագործ ձեռքը, որուն կը յաջորդէ աղիքային քաղցկեղի բարդ վիրահատութիւնը: Նոյն ժամանակահատուածին կինը իր երկու զաւակներուն հետ կը լքէ զինք, որ իր ծանր յուսաբեկման վերջին հարուածը կ՛ըլլայ: 21 յուլիս 1948-ին 44-ամեայ Արշիլ Կորքի Ատոյեան անձնասպանութեամբ վերջ կու տայ իր կեանքին:

Բեմադրիչ Քոզիմա Սփենտըր կը յայտնէ, թէ 10 տարի առաջ, երբ մեծ մօր ներկայացուցած է վաւերագրական ժապաւէնին նախագիծը, մեծ մայրը մերժած է դերակատար դառնալ` պատճառաբանելով, որ եթէ ժապաւէնը Կորքիի մասին է, ուրեմն Կորքին պէտք է ըլլայ ժապաւէնին կեդրոնական տիպարը եւ ոչ թէ ինք… սակայն ի վերջոյ Քոզիմա յաջողած է ծրագրին մէջ ներգրաւել մեծ մայրը` զայն համոզելով, որ Արշիլ Կորքի արուեստագէտին կեանքը պատմող միակ կենդանի վկան իր կողակիցն է:

Ժապաւէնը 19-20 փետրուար 2012-ին ներկայացուեցաւ Նիւ Եորքի «Միւզիըմ աֆ մոտըռն արթ» շարժանկարներու փառատօնին, իսկ նորաձեւութեան եւ արուեստի հանածանօթ «Վոկ» ամսագիրը ապրիլի իր թիւին մէջ պիտի անդրադառնայ Քոզիմայի ժապաւէնին:

 

Միացեալ Նահանգներ

Էրիք Պօղոսեան Կը Խօսի Սողոմոն
Թեհլիրեանի
Շուրջ
Իր
Ծրագրած Գիրքին Մասին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղին եւ Համազգայինի «Արուեստ եւ գրականութիւն» ձեռնարկներու ծիրին մէջ, 2 փետրուարին, «Քոռնել» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Թեհլիրեանի որոնումը» խորագիրը կրող երեկոն:

Մասնաճիւղի ատենապետ Աւետիս Հաճեանի հակիրճ բացման խօսքէն ետք «Օրէնք եւ կարգ»  հեռատեսիլի շարքին գլխաւոր դերասաններէն Էրիք Պօղոսեան ելոյթ ունենալով` խօսեցաւ իր դերասանական ասպարէզին, իր հայկական ինքնութեան եւ Թալէաթ փաշան ահաբեկած ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի շուրջ իր հետազօտութեան մասին: Ան իր զրոյցը սկսաւ ակնարկով մը, որ կը վերաբերէր իր անցուցած մանկութեան` Ուոթըրթաունի մէջ` Մասաչուսեց:

Պօղոսեան կոչ ուղղեց նոր աչքով դիտելու իր նման հայերը, որոնք կազմաւորուած եւ մեծցած են հայ համայնքային կեանքէ հեռու, եւ որոնք իրենց հայկական ինքնութիւնը կը պահպանեն իւրայատուկ կերպով:

90-ականներու Պալքանեան պատերազմներու ժամանակաշրջանին Պօղոսեան յանկարծ նկատած է այդ աղէտին կապը իր սեփական պատմութեան հետ ու սկսած է  խորասուզուելու Եղեռնի պատմութեան մէջ` յատկապէս կեդրոնանալով` Սողոմոն Թեհլիրեանի պարագային վրայ:

Իր խօսքին մէջ Պօղոսեան ներկայացուց հայոց արհաւիրքի աշխարհա-քաղաքական պայմանները` նշելով Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ մրցակցութիւնը` Կասպից ծովու եւ Միջին Արեւելքի քարիւղին տիրանալու համար, ինչպէս նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի դերը այս պայքարին մէջ: Այս եւ ուրիշ նիւթեր Պօղոսեանը մղած են գրելու վաւերագրական գիրք մը, որ հաւանաբար լոյս տեսնէ այս տարուան վերջաւորութեան կամ 2013-ի սկիզբը:

«Աքսորեալները. Երազանքի Պատմութիւն»
Բեմադրութիւնը

Պոսթընի մէջ 8 մարտէն սկսեալ սկսաւ ցուցադրուիլ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող «Աքսորեալները. երազանքի պատմութիւն» ներկայացումը: Նիւթը  պատմութիւնն է երկու կիներու` Էլմաստ Սարաճեանի եւ Վարդեր Նազարեանի, որոնք իրարու նեցուկ կանգնեցան Օսմանեան կայսրութեան կողմէն իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ:

«Աքսորեալները. երազանքի պատմութիւն»ը  Ճոյս Վան Տայքի ստեղծագործութիւնն է, որուն հիմքը իր մեծ մօր` Էլմաստ Սարաճեանին եւ Մարթին Դերանեանի մօր` Վարդեր Նազարեանին միջեւ ըներութեան պատմութիւնն է:

Վերոյիշեալ երկու կիները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած եւ նոր կեանք սկսած են 1915-ին, ամէն ինչ, նաեւ իրենց երեխաներն ու ամուսինները կորսնցնելէն ետք:

Նշենք, որ Եղեռնէն մազապուրծ եղած վերոյիշեալ կիներուն երկու ժառանգները` Դերանեան ու Տայք, առաջին անգամ հանդիպած էին 2003-ին, Տայքին բեմադրած «Մէկ աղջկան պատերազմ» թատերախաղի ժամանակ:

ԱզգայինՅեղափոխական, Հայրենասիրական
Երգերու
Երեկոյ` Նուիրուած
Սօսէ
Մայրիկի Մահուան 60-Ամեակին

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի մշակութային բաժանմունքին, 19 փետրուարին տեղի ունեցաւ «Արարատ» երգչախումբին 6-րդ տարեկան համերգը` խմբավարութեամբ` Ալենուշ Եղնազարի: Այս տարուան համերգը նուիրուած էր Սօսէ Մայրիկի մահուան 60-ամեակին:

Համերգին ընթացքին տեղի ունեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն, ինչպէս նաեւ ասմունքի կատարումներ` առնուած հայ ժողովուրդի ազգային պատմութեան հպարտ էջերէն:  Երգչախումբը մեկնաբանեց ազգային-յեղափոխական, հայրենասիրական երգերու փունջ մը:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES