Ազգային Վարժարաններու Ծաղիկ Դասարանի Աշակերտները Օդակայան Այցելեցին

Նախաձեռնութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, չորեքշաբթի, 14 մարտ 2012-ին, ազգային վարժարաններու Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն եւ մանկապարտիզպանուհիներն, այցելեցին օդակայան` մօտէն ծանօթանալու համար օդակայանին մէջ ծաւալած գործունէութիւններուն եւ աշխատանքներուն:

Օդակայանի մուտքին աշակերտները դիմաւորեց ներքին ապահովութեան ուժերու բաժանմունքի ներկայացուցիչ Նորայր Դերձակեան: Ան առաջնորդեց զանոնք դէպի ներս եւ պտտցուց բոլոր բաժանմունքները, ինչպէս` օդերեւոյթի սենեակը, ուր աշակերտները ականատես եղան համակարգիչի վրայ յաջորդող օրերուն տեղի ունենալիք օդի փոփոխութիւններուն:

Աշակերտները այցելեցին նաեւ շտապ օգնութեան սենեակը, ուր բացատրութիւններ ստացան բժիշկին կողմէ:

Ապա անոնք ականատես եղան օդանաւի մը, որ էջք պիտի կատարէր եւ բաւական հետաքրքրութեամբ դիտեցին զայն:

Share this Article
CATEGORIES