Հաղորդագրութիւն. Տուպայի Մէջ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին Զօրակցող Բարեսիրական Ընթրիք

Հինգշաբթի, 8 մարտ 2012-ի երեկոյեան, Տուպայի «Ալ Պուսթան Ռոթանա» պանդոկի «Ռաշիտիյա» շքեղ սրահին մէջ, «Մեսրոպեան` կրթութեան արժանավայել կառոյցը» կարգախօս-պաստառին ներքեւ, տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին զօրակցող բարեսիրական ընթրիքը` ներկայութեամբ 330 հրաւիրեալներու, որոնց շարքին էին` Տուպայի հայ գաղութի գործօն դէմքեր, Տուպայի տեղական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` Տուպայի Լիբանանի գաղութի ներկայացուցիչներ:

Ընթրիքին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Վարուժ Ներկիզեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ բնութագրեց ձեռնարկին կարեւորութիւնը: Ան հաստատեց, որ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին զօրակցութիւնը կրթութեան զարգացման եւ տարածման նպաստող մարդկային քայլ է: Լիբանանէն ժամանած պատուիրակութիւնը ծանօթացնելէ ետք, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք իրենց նիւթական նուիրատուութիւններով եւ ներկայութեամբ բերին իրենց օգտաշատ եւ կարեւոր ներդրումը:

Վարուժ Ներկիզեանի խօսքին յաջորդեց Մեսրոպեանի նախկին տնօրէն` Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանին պատգամը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Բարձրեալին, որ շնորհած էր այս թանկարժէք պահը` «Արաբական ծոցի մեր բարեկամներուն հետ հիւրընկալ, առատաձեռն այս հողին վրայ միասնաբար տօնակատարելու սիրոյ, առատաձեռնութեան, նուիրատուութեան առիթները»:

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ շեշտեց, թէ կրթութիւնը համամարդկային զարգացման գրաւականն է: Ան աւելցուց, որ քաղաքակիրթ սերունդները միայն կրնան ապահովել աշխարհին խաղաղութիւն, համերաշխութիւն եւ գործակցութիւն: Մեսրոպեանի տնօրէնը ըսաւ. «Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական անապահով եւ տնտեսական ու ընկերային վատառողջ  պայմաններուն մէջ ծանր աշխատանք է դպրոց պահելը: Այս բոլոր իրադարձութիւններուն դէմ յանդիման, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը ոչ միայն կը գոյատեւէ, այլ մնայուն կերպով ինքնանորոգումի, ինքնազարգացումի, ինքնակազմակերպումի եւ ինքնարժեւորումի մէջ է»:

Կրեկուար Գալուստ հաստատեց, որ այս բոլորը կ՛իրականան շնորհիւ վարժարանի բարերարներուն, որոնց մէջ իր յատուկ եւ կարեւոր տեղն ու արժէքը ունի Վարուժ Ներկիզեանը: Մեսրոպեանի տնօրէնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Նիրվա Ներկիզեանին եւ Սեդրակ Մեչեճեանին, որոնք բծախնդրօրէն կազմակերպած էին ընթրիքը: Պատգամներէն ետք, բեմ բարձրացաւ Անգլիայէն յատուկ հրաւէրով Տուպայ Ժամանած արուեստագէտ մենակատար Գեւ Օրգեան, որ շուրջ մէկ ու կէս ժամուան ընթացքին ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:

Նշեալ բարեսիրական ընթրիքը իր բնոյթով, տարողութեամբ, աշխարհագրական դիրքով եւ նուիրատուութիւններով 73-ամեայ վարժարանի պատմութեան մէջ արձանագրեց նոր եւ փառապանծ էջ մը, որ հիմք պիտի հանդիսանայ յառաջիկայ նուաճումներուն, եւ որ ապացոյցն է շրջապատին մէջ Մեսրոպեանին նկատմամբ ստեղծուած վստահութեան: Լիբանանէն դուրս Մեսրոպեանի բարեկամներու մեծ տարողութեամբ նեցուկը խթանիչ եւ պարտաւորեցնող ուժ է` յաւելեալ թափով շարունակելու գործունէութիւնը եւ կատարելագործելու աշխատանքները:

Վարձքը կատար եւ շնորհակալութիւն Մեսրոպեան ընտանիքի հարազատ բոլոր բարեկամ-նուիրատուներուն:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Պուրճ Համուտ, 12 Մարտ 2012

 

Share this Article
CATEGORIES