Ապահովութեան Խորհուրդը Սուրիոյ Մէջ Քաղաքական Լուծում Գտնելու Անանի Ջանքերուն Զօրակցող Նախագահական Հաղորդագրութիւն Մը Որդեգրեց
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ, Բրիտանիոյ պատուիրակ Մարք Լայլ Կրանթ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ խորհուրդը որդեգրած է նախագահական հաղորդագրութիւն մը, որ կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ մարդասիրական միջանցքներ եւ սուրիական կառավարութեան ու ամբողջ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութեան ճամբով բազմակուսակցական ժողովրդավարութիւն ապահովելու, բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնելու ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ջանքերուն: Խորհուրդը կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կոչ կ՛ուղղէ բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնելու:
Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, որ Ապահովութեան խորհուրդը կը զօրակցի Անանի Սուրիոյ կառավարութեան ներկայացուցած առաջարկներուն եւ կարօտեալներուն օժանդակութիւն մատակարարելու համար օրական երկու ժամ զինադադարի հաստատման:
Ապահովութեան խորհուրդը կը յայտնէ, որ սուրիական կառավարութիւնը պէտք է իր ուժերը հեռացնէ բնակելի շրջաններէն եւ Անանի հետ աշխատանք տանի ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ ու հսկողութեամբ ամէն տեսակի բռնարարքներու դադրեցման, ինչպէս նաեւ խաղաղ ցոյց կատարելու իրաւունքը ապահովելու:
Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած հաղորդագրութիւնը նաեւ սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կոչ կ՛ուղղէ` սուրիական տագնապին խաղաղ լուծման համար Անանի հետ գործակցելու, իսկ Անանէն կը պահանջէ հետեւողական կերպով իր առաքելութեան ընթացքին մասին տեղեակ պահել խորհուրդը:
Դիւանագէտներ «Պի. Պի. Սի.»-ին կը յայտնեն, որ նախագահական հաղորդագրութիւնը պարտադիր չէ եւ պաշտօնական որոշումի մը կշիռը չունի: «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ հաղորդագրութիւնը Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն միջեւ տքնաջան բանակցութիւններէ ետք որդեգրուած է: Բանակցութեանց իբրեւ արդիւնք բարեփոխուած է ֆրանսական նախագիծը, որ սուրիական կառավարութեան Անանի առաջարկները գործադրելու ժամկէտ կը ճշդէր. այժմ Ապահովութեան խորհուրդը գործնական քայլերու պիտի ձեռնարկէ Անանի զեկուցումին ծանօթանալէ ետք միայն: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ «Ռուսիա պատրաստ է ֆրանսական նախագիծին զօրակցելու, պայմանաւ որ անիկա ժամկէտ մը չբովանդակէ»:
Նշենք, որ Լաւրով երեքշաբթի օր սուրիական վարչակարգին նկատմամբ կեցուածքի խստացումով մը «Քոմերսանթ» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ «մենք կը հաւատանք, որ սուրիական ղեկավարութիւնը խաղաղ առաջին ցոյցերուն սխալ կերպով հակազդեց»` աւելցնելով, որ «սուրիական ղեկավարութիւնը, հակառակ մեր կոչերուն իբրեւ պատասխան կատարած բազմաթիւ խոստումներուն, շատ սխալներ կը գործէ: Դժբախտաբար այս է պատճառը, որ տագնապը այսքան սուր է»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Ապահովութեան խորհուրդի հաղորդագրութիւնը «դրական քայլ» նկատեց: Ան նշեց, որ Դամասկոս յաւելեալ ճնշումներ պիտի դիմագրաւէ, եթէ Անանի ծրագիրը չգործադրէ: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ ողջունեց հաղորդագրութեան որդեգրումը եւ Դամասկոսին կոչ ուղղեց «առիթէն օգտուելու»:
Չինաստանի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարները երէկ իրենց հանդիպումէն ետք միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեցին Սուրիոյ կացութեան քաղաքական լուծում մը գտնելու իրենց ջանքերուն յանձնառու ըլլալու: Անոնք յայտնեցին, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է յարգէ սուրիացի ժողովուրդի ընտրութիւնը եւ զօրավիգ կանգնի Անանի ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը ամրապնդէ արդար, առողջ եւ պատշաճ կերպով:
Միւս կողմէ, Ժապհաթ Նուսրաթ Ահըլ Շամ անունով իսլամական կազմակերպութիւն մը ստանձնեց Դամասկոսի մէջ անցեալ շաբաթ օր տեղի ունեցած երկու պայթումներուն պատասխանատուութիւնը եւ սպառնաց յաւելեալ յարձակումներ գործել: