Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ առաւօտեան Ռուսիայէն վերադարձաւ Պէյրութ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս երէկ ընդունեց Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ընկերային բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

ՍԱՅՏԱՅԻ աղբանոցին եւ Մաժտալ Այնճարի մէջ երէկ գտնուեցաւ մեծ քանակով գործածութեան ժամկէտը անցած դեղորայք, որուն մեծ մասը հազի յատուկ դեղեր են:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար Տորի Շամուն յայտնեց, որ Լիբանանի հիմնական հարցը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է, որուն դեղը կը գտնուի խենթանոցին մէջ:

ԱԶԳԱՅԻՆ համախոհութեան կուսակցութեան նախագահ Պիլալ Թաքիէտտին յայտնեց, որ ահաբեկչութեան եւ ելեւմուտքի տեղեկահաւաքի հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Տէյվիտ Քոհենի այցելութիւնը մաս կը կազմէ ամերիկեան օրակարգի մը, որուն նպատակն է հարուածել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES