Սելիմ Հըս – Սէյիտ Ֆատլալլա Հանդիպում
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ այցելեց սէյիտ Ալի Ֆատլալլայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Հըս յայտնեց, որ ինք մտահոգ է շրջանին մէջ տիրող կացութեամբ` աւելցնելով, որ այդ զարգացումները լիբանանցիներուն եւ արաբներուն համար լուրջ հարցեր են:
Հըս կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միասնականութեամբ դիմագրաւելու այս հանգրուանը եւ երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները:
Իր կարգին, սէյիտ Ալի Ֆատլալլա շեշտեց լիբանանցի իսլամներուն միջեւ միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ սիւննի եւ շիի յարանուանութիւններուն միջեւ տարակարծութիւններ ստեղծելու բոլոր փորձերը ձախողած են:
CATEGORIES Լիբանանեան