«Մօտիկ Ապագային Պիտի Յայտարարուի Գինիի Ազգային Հիմնարկին Բացումը» Շեշտեց Նախարար Սապունճեան
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ հովանաւորեց եւ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած «Իքսիր» վաճառանիշով գինիի արտադրութեան պատասխանատու խմբակին պարգեւատրումին:
«Իքսիր»-ի արտադրութեան պատասխանատուներն են խումբ մը լիբանանցի գործատէրեր, որոնց կարգին են նաեւ Քարլոս Ղոսընն ու Էթիեն Տըպպանէն:
Պարգեւատրումի ընթացքին նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ մօտիկ ապագային պիտի յայտարարուի Գինիի ազգային հիմնարկին բացումը` աւելցնելով, որ այդ հիմնարկը պիտի վերածուի զբօսաշրջական վայրի մը, ուր պիտի կառուցուին նաեւ երկու ճաշարաններ, որոնցմէ մէկը` լիբանանեան, իսկ միւսը` համաշխարհային:
Այս բոլորին կողքին նաեւ առիթ պիտի տրուի հիմնարկի այցելուներուն` համտեսելու Լիբանանի մէջ պատրաստուած զանազան տեսակի գինիները:
Միւս կողմէ, «Իքսիր» վաճառանիշը կրող գինիին արտադրութեան մասին նախարար Սապունճեան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ գինիի եւ այգիներու բարգաւաճման աշխատանքը հետզհետէ պիտի բարելաւուի եւ բարգաւաճի: