Խորհրդարանը Վաւերացուց Փոխադրածախսի Եւ Բանտարկութեան Տարին Նուազեցնելու Օրինագիծերը

Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որ ընթացաւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ եւ որուն ընթացքին վաւերացուեցան աշխատաւորներուն փոխադրածախս շնորհելու եւ բանտարկութեան տարին ինը ամսուան նուազեցնելու օրինագիծերը:

Գարնան առաջին օրուան զուգադիպող Մայրերու միջազգային օրուան առիթով խորհրդարանը 11 մարտը նշանակած է լիբանանեան այբուբենի օրը, որպէսզի ան չխաչաձեւուի Կիներու միջազգային օրուան հետ:

Փոխադրածախսի օրինագիծը վաւերացուեցաւ, ինչպէս որ ան առաջարկուած էր երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի կողմէ, պայմանաւ որ սակայն հանգստեան կոչուելու պարագային փոխադրածախսը չներառուի աշխատաւորին ստանալիք հատուցման գումարին մէջ:

Ըստ վաւերացուած օրէնքին, փոխադրածախսը մաս չի կազմեր Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին (Տաման) մէջ արձանագրուած աշխատավարձին, աշխատաւորը փոխադրածախսը կը ստանայ կառավարութեան կողմէ յատուկ շրջաբերականով մը, իսկ եթէ գործատէրեր կան, որոնք իրենց աշխատաւորներուն փոխադրամիջոց կ՛ապահովեն, ապա անոնք կրնան փոխադրածախս չվճարել:

Միւս կողմէ, խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ բանտարկութեան տարին ինը ամիսով սահմանափակող օրինագիծը:

Այս օրինագիծին խիստ դէմ գտնուեցաւ եւ վերապահութիւն յայտնեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ նկատել տուաւ, որ երկրին մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը չ՛օժանդակեր, որ նման որոշում մը տրուի եւ օրէնք մը վաւերացուի:

Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդին նիւթական յատկացում կատարելու եւ մայրուղիներ կառուցելու անոր ծրագիրներուն նպաստ յատկացնելու վերաբերող օրինագիծեր, որոնց հիման վրայ այդ խորհուրդին պիտի տրամադրուի 100 միլիոն տոլար` տասը տարուան ընթացքին:

Խորհրդարանին մէջ քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ ելեկտրականութեան բարձր լարման գիծերուն հաստատումը, ինչպէս նաեւ վառելանիւթի սակին հարցը:

Նշենք, որ նիստին սկիզբը խորհրդարանի նախագահը շնորհաւորեց Լիբանանի բոլոր մայրերը` անոնց ուղղելով իր բարեմաղթութիւնները:

ՄԻՒՍ կողմէ, նշենք, որ Ռումիէի բանտին մէջ երէկ առաւօտեան ծայր տուին բողոքի ցոյցեր, որոնց ծիրին մէջ որոշ արգելափակեալներ գերեվարեցին բանտապահներ եւ բանտին ապահովութեան հսկող ապահովական ուժեր, սակայն նկատի ունենալով, որ անոնք կը պահանջէին բանտարկութեան տարին ինը ամսուան մէջ խտացնել, Ռումիէի կացութիւնը հակակշիռի տակ կարելի եղաւ առնել եւ գերեվարուած ոստիկանները ազատ արձակել` խորհրդարանին կողմէ այդ օրէնքին վաւերացումէն ետք:

Share this Article
CATEGORIES