Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան արծարծելիք օրակարգը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան նորագոյն զարգացումները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց Ռուսիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց մարոնի համայնքի նորընտիր ընդհանուր խորհուրդը` նախագահութեամբ նախկին նախարար Ուատիհ Խազենի:
Հանդիպումին ընթացքին Խազեն հաստատեց, որ խորհուրդը կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահին տարած ազգային աշխատանքին, յատկապէս` երկրին քաղաքական ապահովութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու առումով:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ որդեգրուած միջոցառումները` պահպանելու համար երկրին դրամատուները` միջազգային որոշումներուն լոյսին տակ:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին մաս կազմող յանցագործներու պաշտպանութեան գրասենեակի նախագահ Ֆրանսուա Ռու, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց այդ գրասենեակին աշխատանքները:
Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Օմար Պարազանժի իր կարգին այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց յառաջիկայ 29 մարտին Իրաքի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր:


