Կառավարութիւնը Յետաձգեց Իր Զաւկին Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Առումով Լիբանանցի Կնոջ Իրաւունք Շնորհելու Օրինագիծին Քննարկումը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ  վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստէն բացակայեցաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտին:

Կառավարութիւնը իր նիստը բացաւ Շնոտա Գ. պապին յիշատակը մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով: Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Շնոտա Գ. պապին վախճանումը մեծ կորուստ է, յատկապէս այն առումով, որ անոր բոլոր կեցուածքները զօրակից էին արաբական դատերուն, յատկապէս պաղեստինեան դատին:

Կառավարութիւնը քննարկեց 73 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն մէջ գլխաւորները եղան Վառելանիւթի մարզի կարգաւորման յատուկ վարչութեան խորհուրդի կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու լիբանանցի կիներուն իրաւունքը վաւերացնելու կարելիութիւնը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է Վառելանիւթի մարզի կարգաւորման յատուկ վարչութեան խորհուրդի կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ քննարկուած է երկրին սնունդի իրավիճակը, որ հակակշիռի տակ է եւ այդ գծով հսկողութիւնը հետեւողական կերպով պիտի ընթանայ:

Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղած է քաղաքական բոլոր ուժերուն լիբանանեան բանակը հեռու պահելու քաղաքական բոլոր տարակարծութիւններէն:

Տաուք նկատել տուաւ նաեւ, որ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն կառավարութեան ներկայացուցած է ամբողջ Լիբանանի տարածքին բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումներն ու ջանքերը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Անդրադառնալով իր զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու առումով լիբանանցի կնոջ շնորհուելիք իրաւունքին, Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է այդ թղթածրարին քննարկումը յետաձգել:

Նշենք, որ նախքան նիստին սկսիլը, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւերուն առումով ինք համաձայն է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներուն հետ: Այս առումով ան զարմանք յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի մերժած է ուժանիւթի նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած առաջարկները` այդ նաւերը տրամադրող ընկերութիւններուն գծով:

Կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ 28 մարտին, նախագահական պալատին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES