Քայզըրսլաութըրն Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը
Պունտըսլիկային մէջ մնալու համար պայքար մղող Քայզըրսլաութըրնի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով մարզիչ Մարքօ Քուրց պաշտօնանկ եղաւ:
Ախոյեանութեան գծով իր կատարած վերջին 16 մրցումներուն անիկա չէ յաջողած յաղթանակ մը նոյնիսկ արձանագրել:
Քուրցի օգնական Օլիվըր Շայեֆըր եւ բերդապահներու մարզիչ Կերի Էհրմանն պիտի ստանձնեն ժամանակաւոր մարզիչի պաշտօնը, մինչեւ նորի մը նշանակումը:
Քուրց, որուն օգնականը` Կիւյենթըր Կորենզել, իր կարգին պաշտօնազրկուեցաւ, իր պաշտօնը ստանձնելով 2009-ին յաջողեցաւ այդ տարին խումբը բարձրացնել Ա. դասակարգ:
CATEGORIES Մարզական


